Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Կառավարութիւնը Ընդունեց Որոշում՝ Լաստանաւային Փոխադրումներ Կազմակերպելու

Հայաստանի Կառավարութիւնը Ընդունեց Որոշում՝ Լաստանաւային Փոխադրումներ Կազմակերպելու

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը իր նիստին ընդունեց որոշում, ըստ որու՝ Յունիս 15-էն հայկական ներմուծող ու արտահանող ընկերութիւնները պիտի կարենան օգտուիլ լաստանաւային փոխադրումներէն՝ որպէս այլընտրանք Վերին Լարսի անցակէտին։ Կառավարութիւնը կը հիմնաւորէ, որ այսպիսով Հայաստանի երկաթուղային համակարգը լաստանաւի միջոցով կանոնաւոր կապ պիտի ունենայ եւրասիական երկաթուղային համակարգին հետ։ Որոշուած է, որ կառավարութիւնը օժանդակութիւն պիտի յատկանցէ լաստանաւային փոխադրումներուն, որուն շնորհիւ՝ փոխադրողը պիտի վճարէ միայն երկաթուղային փոխադրումներու համար, իսկ լաստանաւով տեղափոխելու ամբողջ ծախսը պիտի փոխհատուցէ կառավարութիւնը։ Այս որոշումը ընդունուած է, քանի որ վերջին շրջանին Վերին Լարսի անցակէտի թողունակութեան հետ կապուած խնդիրներ կան, անցակէտին մէջ հսկայական հերթեր կը գոյանան։

Գործատուներու Հանրապետական Միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանի խօսքով՝ լաստանաւի տարբերակին գործարարները կը սպասէին, եւ այս թեմայով խօսակցութիւնները եղած են 2003-2005 թուականներուն։ «Դեռ այն ժամանակ առեւտուրը մտածում էր՝ գուցէ փող հաւաքի, լաստանաւ վարձակալի կամ պետութիւնն օգնի։ Հիմա լաւ է, որ պետութիւնն այդ հարցը լուծում է, որովհետեւ ուքրանական պատերազմի հետեւանքով Սեւծովեան աւազանով երթեւեկութիւնը բարդացած է, անվտանգութեան խնդիրներ կան։ Եւ շատերն արդէն Վերին Լարսով են բեռները տանում, ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ՝ Թուրքիան, Վրաստանը, Պելառուսիան, որոշ դէպքերում՝ նաեւ Ատրպէյճանը։ Այսինքն՝ Վերին Լարսն այսօր առնուազն 5 երկիր է սպասարկում։ Վերին Լարսի տարողունակութիւնը, բացթողման հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ են։ Պատահական չէ, որ մօտ երկու շաբաթ առաջ այնտեղ մօտ 5000 մեքենայ էր կուտակուած, որոնցից 2000-ը բեռնատար մեքենաներ էին։ Հիմա կը փորձենք որոշակի բեռների փոխադրումն իրականացնել նաեւ լաստանաւի միջոցով, կը շրջանցենք Վերին Լարսը։ Լաստանաւի տարբերակը շատ յարմար է, այնտեղ շատ աւելի մեծ քանակի բեռներ կարող են դրուել միաժամանակ։ Բայց այստեղ կարեւոր է, որ մենք ծովային երթեւեկութեան առումով խնդիրներ չունենանք՝ պայմանաւորուած Ուքրանիայում պատերազմով», ըսաւ Մակարեանը։ Մասնաւորապէս, անոր խօսքով, անվտանգութեան խնդիրներ ու արգելափակումներ կրնան ըլլալ։ Անվտանգութեան նպատակով պէտք է հաշուարկել, թէ լաստանաւը ինչ տարածքով պիտի երթայ դէպի Ռուսաստան:

Գագիկ Մակարեանի խօսքով՝ կառավարութիւնը լաւ կ’ընէ, եթէ արտահանողներուն ու ներմուծողներուն աջակցելու համար նաեւ չարթերային թռիչքներ կազմակերպէ բեռնատար ինքնաթիռներու միջոցով՝ օժանդակութիւն յատկացնելով այդ թռիչքներուն։ Ինքնաթիռը շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրնայ առնուազն 5 բեռնատար բեռ տեղափոխել, իսկ ծախսերը այդքան ալ մեծ չեն։ «Վերին Լարսում բեռները շատ են ուշանում, մենք այսօր ունենք ընկերութիւններ, որոնք ասում են՝ աւելի քան մէկ ամիս է՝ իրենց բեռը դուրս է եկել, բայց տեղ չի հասել։ Այսինքն՝ այդպիսի անբնական մատակարարման կարգը շատ վատ կարող է ազդել մեր տնտեսական աշխուժութեան վրայ։ Այսօր ընկերութիւններ կան, որոնք արդէն ասում են՝ մենք կը փորձենք սառեցնել կամ դադարեցնել գործունէութիւնը, որովհետեւ իրենց հումքը տեղ չի հասնում արդէն։ Հետեւաբար, իրավիճակում նաեւ պէտք է փորձել ինքնաթիռով օգնել փոխադրողներին», յաւելեց Գագիկ Մակարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment