Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը Atlantic Council-ի Մէջ Ներկայացուցած Է Հայ-Թրքական Եւ Հայ-Ատրպէյճանական Գործընթացները

Միրզոյեանը Atlantic Council-ի Մէջ Ներկայացուցած Է Հայ-Թրքական Եւ Հայ-Ատրպէյճանական Գործընթացները

by MassisPost

Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը որպէս հիմնական բանախօս մասնակցած է ամերիկեան հեղինակաւոր Atlantic Council ուղեղային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղան֊քննարկման:

Միրզոյեան անդրադարձած է ԱՄՆ աշխատանքային այցի ընդհանուր օրակարգին ու շեշտադրումներուն, Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան, այցի ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթերուն եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն:

Անդրադարձ կատարուած է ժողովրդավարական զարգացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման եւ փտածութեան դէմ պայքարի նպատակով իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին:

Mirzoyan-Atlantic Council-2

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը` Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն, այս գործընթացներուն մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան դերին վերաբերեալ:

Ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրները:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment