Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ««5+6» Կէտերու Շուրջ Խաղաղութեան Բանակցութիւններ Սկսիլը Օրինական Մօտեցում Է, Եւ Մենք Տեսած Ենք Փոխըմբռնում». Գրիգորեան

««5+6» Կէտերու Շուրջ Խաղաղութեան Բանակցութիւններ Սկսիլը Օրինական Մօտեցում Է, Եւ Մենք Տեսած Ենք Փոխըմբռնում». Գրիգորեան

by MassisPost

Ե՛ւ միջազգային հանրութեան մօտ, ե՛ւ Պաքուի մօտ ըմբռնում կայ, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները պէտք է սկսին «5+6» օրակարգով, երբ Պաքուի առաջարկած կէտերուն կ’աւելնան Երեւանի յառաջ քաշած 6 կէտերը, յայտարարեց Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, որ 3 օր առաջ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւին:

«Ես հրապարակային չեմ տեսել մերժում, մեր քննարկումներում, որ այդ երկու փաթեթը պէտք է միացնել եւ բանակցութիւններ սկսել, ըմբռնում կայ: Այդ ըմբռնումը կայ ատրպէյճանական կողմում, այդ ըմբռնումը կայ մնացած մեր բոլոր միջազգային գործընկերների մօտ: Այսինքն «5+6» կէտերի շուրջ խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսելը օրինական մօտեցում է, եւ մենք տեսել ենք փոխըմբռնում»,  յայտնեց Գրիգորեանը:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի միջնորդութեամբ, Մայիս 2-ին, Գրիգորեանի եւ Հաճիեւի հանդիպումէն յետոյ հաղորդագրութիւն չէր տարածուած, բայց աւելի առաջ Գրիգորեան ըսած էր, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկէին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, որոնցմէ կախուած էր արդէն Փաշինեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպումը: Սակայն առայժմ, ըստ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին, նման հանդիպում չի նախանշուիր:

«Հարցեր կան, որոնց պատասխանէն յետոյ միայն մենք կը սկսենք քննարկել երկրի ղեկավարների հնարաւոր հանդիպումը: Մենք դեռ քննարկումները շարունակում ենք, եւ երբ որ քննարկումները հասնեն ինչ-որ փուլի եւ նախանշուի հնարաւոր հանդիպումը, ապա հրապարակային դրա մասին յայտարարութիւն կը լինի», ընդգծեց Արմէն Գրիգորեանը:

Փաշինեանի եւ Ալիեւի վերջին հանդիպումէն յետոյ դեռ չէ ստեղծուած սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողով, թէեւ պայմանաւորուածութիւն կար, որ այն պէտք է ստեղծուէր մինչեւ Ապրիլի վերջ: Գրիգորեանի խօսքով` յանձնաժողովին շուրջ քննարկումները կը շարունակուին:

«Ի հարկէ, մենք յոյս ունէինք, որ հնարաւոր է լինելու մինչեւ Ապրիլի վերջ գտնել լուծումներ եւ յառաջ շարժուել, բայց կարող եմ նշել, որ այս պահին էլ բուռն քննարկումները շարունակւում են: Մօտեցումների շուրջ են, ընդհանուր առմամբ աշխատանքային խմբի եւ այլ մասերով հարցեր կան, որոնք պատասխանները դեռ վերջնական չենք գտել, հէնց գտնենք պատասխանը, հրապարակային դրա մասին յայտարարութիւն կը լինի ու նաեւ հանդիպում կը լինի», ըսաւ ԱԽ քարտուղարը:

Ըստ պրիւքսէլեան պայմանաւորուածութիւններուն` այս յանձնաժողովը ոչ միայն պէտք է զբաղի սահմանազատման հարցով, այլ նաեւ ապահովէ սահմանին երկայնքով ու յարակից տարածքներուն մէջ «կայուն անվտանգային իրավիճակը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment