Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Թիմ Լոութըն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Փաշինեան Եւ Թիմ Լոութըն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Մեծն Բրիտանիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Թիմ Լոութըն քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

Վարչապետ Փաշինեան իր դիտարկումները ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ապակառուցողական գործողութիւններուն:

Գործադիրի ղեկավարը անդրադարձած է Արցախի մէջ ատրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով յառաջացող մարդասիրական խնդիրներուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանագութեան ոչնչացման քայլերուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման, տարածաշրջանային ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան:

Խօսելով երկու երկիրներու համագործակցութեան մասին, Թիմ Լոութըն համոզմունք յայտնած է, որ այն խորհրդարանական մակարդակով յառաջիկային պիտի շարունակէ ամրապնդուիլ, եւ իրենք պիտի ներդնեն բոլոր ջանքերը` նպաստելու երկկողմ քաղաքական ու տնտեսական կապերու խորացման: Ան կարեւորած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումները եւ համոզմունք յայտնած է, որ անոնց արդիւնաւէտ իրականացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի հետագայ յառաջընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment