Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ըրած Է Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն

ԵԱՀԿ Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ըրած Է Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն

by MassisPost

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Զպիկնեւ Ռաու կոչ ըրած է Պաքուին եւ Երեւանին բարեխղճօրէն մասնակցելու բանակցութիւններուն` հասնելու համար բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման: Այս մասին կ’ըսուի ԵԱՀԿ յայտարարութեան մէջ, որ յաջորդած է Ռաուի հարաւկովկասեան այցին:

«Լեհաստանը` որպէս ԵԱՀԿ նախագահող երկիր, վճռականօրէն կ’աջակցի երկխօսութիւնը հեշտացնելուն ուղղուած նախաձեռնութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են լարուածութիւնը թուլցնելու համար», ըսուած է անոր յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Ռաուի` ԵԱՀԿ կ’ակնկալէ յառաջընթաց հրատապ մարդասիրական հարցերուն մէջ, ինչպիսիք են կալանաւորներու ազատ արձակումը, անյայտ կորսուածներու մասին տեղեկատուութեան փոխանակումը, ականազերծումը եւ պատմամշակութային վայրերու պաշտպանութիւնը:

Կազմակերպութեան գործող ղեկավարը ընդգծած է ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի դերը` առաջարկելով ընդլայնել անոր մասնակցութիւնը առկայ խնդիրներու լուծման:

Ան նաեւ ողջունած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած դիւանագիտական նախաձեռնութիւնը, ընդգծելով որ այս գործընթացը կրնայ նպաստել կայունութեան բարելաւման տարածաշրջանին մէջ:

Մարտ 29-էն Ապրիլ 1 այցի ընթացքին, նախարար Ռաու նշած է, թէ ինչ ազդեցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի յարձակումը տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան իրավիճակին վրայ: Բոլոր երեք մայրաքաղաքներուն մէջ ան առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան իրավիճակին:

ԵԱՀԿ-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Զպիկնեւ Ռաուի ուղեւորութիւնը կեդրոնացած էր անվտանգութեան առկայ մարտահրաւէրներուն եւ կայուն խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ հարաւկովկասեան տարածաշրջանի երեք պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վրայ:

Երեւանի մէջ, եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը վստահեցուցած էր, որ ԵԱՀԿ յանձնառու է նպաստելու Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան: Հայաստանի մէջ զայն ընդունած էին նախագահը, վարչապետը, արտաքին գործերու նախարարը: Ատրպէյճանի մէջ ան հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Կառավարութեան նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ խաղաղութեան բանակցութիւններուն Հայաստանը պատրաստ է լրացուցած առաջարկներու հիմքին վրայ: Փաշինեանի խօսքերը Ալիեւը «լաւ ուղերձ» որակած էր, միաժամանակ կրկին ընդգծած, որ Պաքուն արդէն կարգաւորած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, ըստ Երեւանի, խաղաղութեան օրակարգի հայկական լրացումներէն է, որ ուղարկած են Պաքուին, բայց մինչեւ հիմա, ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, չեն ստացած պատասխան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment