Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իտալիան Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Եւ Շարլ Միշէլի Ջանքերուն

Իտալիան Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Եւ Շարլ Միշէլի Ջանքերուն

by MassisPost

Իտալիան աջակցութիւն կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն` միտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան: Այս մասին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին նշած է աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի Տի Մայօն:

Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցերը քննարկելով` Նիկոլ Փաշինեան իր դիտարկումները ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով Արցախի կարգավիճակի յստակացման, անվտանգութեան ապահովման եւ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Լուիճի Տի Մայօ խօսած են նաեւ երկկողմ փոխգործակցութան մասին` ընդգծելով առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման, ներդրումային համատեղ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Իտալիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:

Այնուհետեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է իտալացի պաշտօնեան: Նախագահը ընդգծած է, որ այս տարածաշրջանին մէջ դէպի երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն տանող ճանապարհը երկխօսութիւնն է եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը: Խաչատուրեան ընդգծած է Արցախի կարգավիճակի յստակացման, այնտեղ ապրող մարդոց անվտանգութեան ապահովման եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը եւս կարեւորած է կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան հաստատումը եւ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորումը: Լուիճի Տի Մայօն ողջունելի համարած է, որ Հայաստանը կը ձգտի յառաջ շարժելու խաղաղութեան հաստատման ճանապարհով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment