Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Դատախազութեան Եւ Հակափտածութեան Կոմիտէին Միջեւ Վէճ՝ Վլատիմիր Գասպարեանի Քրէական Գործին Շուրջ

Գլխաւոր Դատախազութեան Եւ Հակափտածութեան Կոմիտէին Միջեւ Վէճ՝ Վլատիմիր Գասպարեանի Քրէական Գործին Շուրջ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութեան եւ Հակափտածութեան կոմիտէին միջեւ թէժ վէճ սկսած է նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի քրէական գործին շուրջ: Քննչական մարմինը կը համարէ, որ աւարտած է փտածութեան յանցագործութեան համար մեղադրուող Գասպարեանի քրէական գործը, եւ այդ կրնայ ուղարկուիլ դատարան, մինչդեռ գործը վերահսկող դատախազը հակառակ կարծիքին է, լրացուցիչ քննութեան անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ, այսինքն` դատախազութիւնը չի համարեր, որ Գասպարեանի մեղադրականը հաստատելու համար կան անհրաժեշտ եւ բաւարար ապացոյցներ:

Սակայն Հակափտածութեան կոմիտէէն կը յայտարարեն, որ փտածութեան 6 տարբեր յօդուածներով մեղադրուող 63-ամեայ զօրավարին գործի քննութիւնը շարունակելու դատախազութեան որոշումը անհիմն է եւ անօրինական: Հակափտածութեան կոմիտէն արդէն յայտարարած է, որ պիտի բողոքարկէ դատախազին որոշումը վերադաս դատախազին: «Քանի որ վստահ ենք` նման կարեւոր գործերով առանցքային որոշումները կայացւում են դատախազական ամենաբարձր մակարդակում, եւ այս գործը դատարան չուղարկելու որոշումը դատախազութեան միասնական դիրքորոշումն է», կը յայտարարեն Յատուկ քննչական ծառայութեան նախկին պետ, այժմ  Հակափտածութեան կոմիտէն ղեկավարող Սասուն Խաչատրեանի գլխաւորած կառոյցէն:

Իրաւապահ համակարգին մէջ նման հակասութիւնները կը կարգաւորուին օրէնքով, եւ պարբերաբար նման խնդիրներ կը ծագին, բայց թերեւս առաջին անգամն է, որ այս վէճը կը դառնայ հրապարակային:

18 տարի իրաւապահ համակարգին մէջ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած զօրավարը, ըստ մեղադրանքին, օրինականացուցած է յանցաւոր ճանապարհով ստացած աւելի քան 2 միլիառ դրամը կամ 4 միլիոն տոլարը: 2000-2018-ի ընթացքին, զբաղեցնելով պետական ծառայութեան տարբեր պաշտօններ, բացի պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելէ, կատարած է նաեւ պաշտօնէական կեղծիք, առանձնապէս մեծ չափերով վատնում, փտածութեան բնոյթի այլ արարքներ: Հակափտածութեան կոմիտէն չի մանրամասներ, թէ ինչ կարգավիճակ ունին անոր կինն ու դուստրը, որոնց անունները եւս կը շրջանառուին քրէական գործին մէջ:

Իրաւապահ երկու կառոյցներուն միջեւ ծագած նման հակասութիւններ դեռ տարիներ առաջ կանխատեսած էր իրաւապաշտպան Նինա Կարապետեանցը, երբ յեղափոխութենէն յետոյ, անոր կարծիքով, համակարգային բարեփոխումներ չեղան. «Որ ասում է` աղջիկներ մի կռուէք, երկուսդ էլ ճիշդ էք, հիմա այս տարբերակն է, թող իրենք իրար մէջ պարզեն, թէ ով է աւելի անբարեխիղճ եղել, ով է իրականում այս հոլովոյթի տապալողը եղել, եւ մի հարց էլ թող տան` աւելի մեծ վերահսկողութեան հնարաւորութիւն ունեցողին` ի՞նչ արժեն այս հոլովոյթները: Հասկանանք, կարող է փտածութեան վտանգներ կան, կարող է հետաքրքրութիւններ կան, կարող է կապեր կան, անհատական, անձնական խնդրանքներ, դիմումներ կան, ի՞նչն է խնդիրը, ո՞րտեղ է այդ խնդիրը, եւ այս երկու մարմիններից ո՞րտեղ է, որ յառաջացել է այդ բացթողման վիճակը»:

Կարապետեանցը կը նկատէ, որ նախաքննութեան ընթացքին վերահսկող դատախազը որեւէ պահուն կրնայ ստանալ գործի նիւթերը, ցուցումներ տալ: Տարակուսելի է, որ այդքանէն յետոյ դեռ կան հակասութիւններ, կ’ըսէ իրաւապաշտպանը եւ կը յիշեցնէ, թէ ինչ լայն հնարաւորութիւններու տէր էր նախկին ոստիկանապետը:

«Կարկառուն դէմքերից մէկը` Վլատիմիր Գասպարեանն այնպէս չի, որ անշրջապատ է, մարդը շատ վաղուց աշխատել է, երկար տարիներ ունի շատ լաւ ընկերութիւն, ծանօթութիւն, կապեր, իսկ այդ կապերը աշխատում են Հայաստանում շատ աւելի լաւ, քան գրուած օրէնքները», կ’ըսէ ան:

 

 

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment