Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանը Մերժած Է Ծառուկեանը Մանտաթէն Զրկելու Դիմումը

Սահմանադրական Դատարանը Մերժած Է Ծառուկեանը Մանտաթէն Զրկելու Դիմումը

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը մերժած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանը մանտաթէն զրկելու դիմումը վարոյթ ընդունիլ։

Մերժման պատճառը օրէնքով սահմանուած ժամկէտներու խախտումն է, «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցին յայտնեց ՍԴ-ի դատաւոր՝ Էտկար Շաթիրեան․ – «Համապատասխան հիմնաւորումները ժամկէտների հետ են կապուած, որոշման պատճառաբանական մասում կ’արտացոլուեն եւ կը հրապարակայնացուեն դատարանի կայքում»։

Սահմանադրական դատարանի դատաւոր՝ Էտկար Շաթիրեան «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ մերժման պատճառը վարչական բնոյթի է․ Ազգային ժողովի խորհուրդը նիստը հրաւիրած է ժամկէտներու խախտմամբ:

Ըստ Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովին, Գագիկ Ծառուկեանը խախտած է Սահմանադրութիւնը եւ, ըլլալով ԱԺ-ի պատգամաւոր, միեւնոյն ժամանակ զբաղած է ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ։ Այս եզրակացութեան հիման վրայ, իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ երկու շաբաթ առաջ հրաւիրուած նիստին, որոշեց Ծառուկեանը մանտաթէն զրկելու հարցով դիմել բարձր դատարան։

Աժ-ի կանոնակարգին համաձայն՝ Խորհուրդը նիստ պէտք է հրաւիրեր Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովի եզրակացութիւնը ստանալէն յետոյ 7-օրեայ ժամկէտով։ Յանձնաժողովի Ազգային ժողով դիմած է Նոյեմբեր 3-ին, սակայն խորհուրդը նիստ հրաւիրած է Նոյեմբեր 16-ին՝ խախտելով Աժ կանոնակարգով սահմանուած ժամկէտը։ Այս պատճառաբանութեամբ ալ ՍԴ-ն մերժած է։ Թէեւ դատաւոր Շաթիրեան կողմ եղած է, որ, այդուհանդերձ, դիմումը վարոյթ ընդունին․ – «Ես գտել եմ, որ պէտք է ընդունուի վարոյթ եւ դառնայ ըստ էութեան քննարկման առարկայ։ Թէ ըստ էութեան քննարկման արդիւնքներով դատարանը ինչ որոշում կը կայացնէր, սա արդէն ուրիշ հարց է»։

Իշխանական պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանի կարծիքով, ժամկէտը խախտուած է հիմնաւոր պատճառով։ Ըստ պատգամաւորի հաշուարկներուն, իրենք պէտք է նիստ հրաւիրէին Նոյեմբեր 10-ին, սակայն Նոյեմբեր 9-ի գիշերուընէ «մի խումբ մարդիկ զաւթել էին խորհրդարանը», ուր օրեր շարունակ քննչական գործողութիւններ կը կատարուէին, եւ պատգամաւորները չէին կարող աշխատանքի գալ․ – «Եթէ ես չեմ սխալւում, որ մեզ իրաւապահները ասեցին, որ մենք կարող ենք աշխատանքի ներկայանալ, կարծեմ 14 կամ 15-ն ա եղել։ Այսինքն՝ խորհրդարանի բնականոն աշխատանքը հենց վերականգնուել ա, արդէն 16-ին էլ էդ արտահերթ նիստը հրաւիրուել է»։

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Նայիրա Զոհրապեանի պնդմամբ, Գագիկ Ծառուկեանը մանտաթէն զրկելու գործընթացը քաղաքական հաշուեյարդար է, եւ Սահմանադրական դատարանը չէր կրնար հիմնազուրկ դիմումը ընդունիլ վարոյթ․ – «Որեւէ ապացոյց, որ ապացուցի, որ Գագիկ Ծառուկեանը զբաղվում է ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ,  այս կինը չկարողացաւ ներկայացնել։ Ես կարծում եմ, Սահմանադրական դատարանը, որտեղ լուրջ իրաւաբաններ են, չէր կարող նման ծիծաղելի, որեւէ հիմնաւորումից զուրկ թուղթը ընդունել վարոյթ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment