Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը ԱՄՆ-ի Դեսպանի Հետ Քննարկած Է Արցախեան Հակամարտութեան Շուրջ Զարգացումները

Վարչապետը ԱՄՆ-ի Դեսպանի Հետ Քննարկած Է Արցախեան Հակամարտութեան Շուրջ Զարգացումները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  Դեկտեմբեր 8-ին, հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրեյսիի հետ: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան վարչութիւնը:

Վարչապետը կարեւորած է հայ-ամերիկեան փոխգործակցութիւնը եւ երկկողմանի օրակարգի իրագործման ուղղութեամբ շարունակական աշխատանքը:

Համաձայն հաղորդագրութեան, զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներու շուրջ: Անդրադարձ եղած է արցախեան հակամարտութեան շուրջ զարգացումներուն եւ ստեղծուած իրավիճակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment