Home Uncategorized Հայաստանի Տնտեսութեան Անկումը Կը Խորանայ

Հայաստանի Տնտեսութեան Անկումը Կը Խորանայ

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան անկումը կը խորանայ։ Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուայ առաջին տասը ամիսներուն նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը անկում ապրած է 6,7 տոկոսով, եւ այս 2020 թուականի ամենավատ ցուցանիշն է։ Օրինակ՝ առաջին ինը ամիսներուն այդ անկումը 6,6 տոկոս էր, ութ ամիսներուն՝ 6,4, եօթ ամիսներուն՝ 5,7, եւ այդպէս աւելի ու աւելի քիչ։

Իսկ անկումը սկսած է այս տարուայ առաջին չորս ամիսներէն սկսեալ, երբ Յունուար-Ապրիլ ժամանակահատուածին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը նահանջ ապրեցաւ 1,4 տոկոսով։

Ազգային ժողովի ֆինանսավարկային եւ պիւտճէտային հարցերու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ, «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Արտակ Մանուկեան «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, որպէս պատճառ նշեց «Քորոնա» ժահրն ու 44-օրեայ պատերազմը։

«Այս ամէնով հանդերձ, մենք կարող ենք պնդել, որ տնտեսական անկումը Հայաստանի Հանրապետութիւնում 2020 թուականին կը լինի մօտաւորապէս 7-8,5 տոկոսի շրջանակներում։ Եւ եթէ մենք դիտարկում ենք՝ ինչով է դա պայմանաւորուած, դա նաեւ պայմանաւորուած է որոշակիօրէն Նոյեմբեր ամսի համեմատաբար աւելի կրաւորական լինելու կանխատեսումներով կամ մօտեցումներով», – ըսաւ Մանուկեանը։

Տնտեսագէտի խօսքով՝ պատերազմի բացասական հետեւանքները, բնականաբար, իրենց զգալ կու տան նաեւ Նոյեմբեր ամսին։

Արտակ Մանուկեան միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին, որ նոյնիսկ պատերազմի ու «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն Հայաստանի տնտեսութիւնն այնպիսի անկում չապրեցաւ, ինչպէս, օրինակ, 2009-ին՝ 14,1 տոկոս։

«Նոյնիսկ այս բացասական ֆոնին ակնկալւում է վատագոյն սենարով 8-8,5 տոկոսանոց տնտեսական անկում, եւ սա, ի հարկէ, խօսում է նաեւ նրա մասին, որ այդ ժամանակ գործող արհեստավարժներու կառավարութիւնը եւս, կարծես թէ, էն տնտեսական մարտահրաւէրները, որոնք նրանց առջեւ ծառացած էին, չէր կարողացել պատշաճ կերպով լուծել, եւ դրա համար տնտեսական դիմադրողականութիւնը շատ աւելի թոյլ էր, եւ աւելի թոյլ ճգնաժամի պարագայում Հայաստանը գրանցեց շատ բարձր, աննախադէպ բարձր տնտեսական անկման ցուցանիշ», – յայտարարեց Արտակ Մանուկեան։

Կառավարութեան, Կեդրոնական դրամատան կանխատեսումներուն համաձայն՝ այս տարի Հայաստանի տնտեսութիւնը կը փակէ մօտ 7 տոկոս անկմամբ։

Տնտեսագէտ, Հայ ազգային քոնկրէսի ներկայացուցիչ՝ Վահագն Խաչատրեանի խօսքով, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու հարուածած տնտեսական այս ճգնաժամի ընդհանուր պատճառը առողջապահական է՝ «Քորոնա» ժահրը, ուստի բազմաթիւ պետութիւններ կը փորձեն ոչ չափանիշային լուծումներ գտնել։

«Եւ այս պայմաններում ամէն մի երկիր իր խնդիրը իւրօրինակ ձեւով է լուծել՝ գարնանը մի ձեւով է լուծել, հիմա, աշնանը՝ մէկ ձեւով, կամ նոյնիսկ նոյն մօտեցումներն են ցուցաբերում, օրինակ, Եւրամիութեան երկրները, կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, կամ Մեծ Բրիտանիան, կամ նոյն Ճափոնը, որովհետեւ իրենք ուղղակի հնարաւորութիւն են տալիս իրենց արժոյթը տպելով՝ շուկայ մտցնել էդ գումարները եւ մարդկանց օգնել», – «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Խաչատրեան։

Միւս կողմէ, ըստ Խաչատրեանի, Հայաստանի պարագային կարեւոր է, որ նախորդ երկուքուկէս տարուայ մէջ երկրի տնտեսութեան ձեռք բերած ազատութիւնները, որ կը բացակայէին նախորդ վարչակարգերու օրօք, պահպանուին, ինչը կը հեշտացնէ տնտեսական վերականգնումը։

«Պատահական չէ, որ «Քորոնա» ժահրի ու պատերազմի պայմաններում Հայաստանի տնտեսութիւնն աւելի քիչ անկում ունեցաւ, քան 2009 թուականին էր»,- աւելցուց տնտեսագէտը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment