«Մենք չենք կարող քննարկել, ընդհանրապէս չենք կարող քննարկել տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը: Մեր կառավարութիւնը Ղարաբաղի հարցում վարում է մի քաղաքականութիւն, որը նախկինում ոչ մի կառավարութիւն չի վարել: Եւ որեւէ զուգահեռ կամ ընդհանրութիւններ գտնելու փորձերը նախկինում վարուած որեւէ քաղաքական ուղեգծի հետ, միանգամից ասեմ, որ կատարեալ մոլորութիւն է»,- լրագրողներուն ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Ան ըսած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ իր հանդիպումները բանակցութիւններ չեն, ոչ պաշտօնական շփումներ են, որոնց ընթացքին ուղղակի տեղի կ’ունենան միտքերու փոխանակումներ:
Հարցին, թէ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներէն կա՞յ արդեօք նախաձեռնութիւն՝ վերսկսելու բանակցութիւնները, Փաշինեանը պատասխանած է. «Այդ հարցը գտնւում է արտաքին գործոց նախարարներու քննարկման օրակարգում: Մենք պարոն Ալիեւի հետ նոյնիսկ ասել ենք, որ մեր արտաքին գործոց նախարարներն են այդ թեմայով աշխատում, իրենք համանախագահների հետ միասին մեզ առաջարկութիւն կը ներկայացնեն, մենք կ’որոշենք, թէ ինչպէս վարուիլ»: