Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանի Ընդդիմութիւնը Յաջողած է Ամենամարդաշատ Հանրահաւաքը Իրականացնել

Ատրպէյճանի Ընդդիմութիւնը Յաջողած է Ամենամարդաշատ Հանրահաւաքը Իրականացնել

by MassisPost

«19 Յունուարին ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը յաջողած է վերջին 14 տարիներու ընթացքին ամենամարդաշատ հանրահաւաքը իրականացնել», – նշած է Ատրպէյճանի ամենահեղինակաւոր անկախ լրատուամիջոցի` «Թուրան» գործակալութեան ղեկավար Մեհման Ալիեւը` փորձելով վերհանել ատրպէյճանական հանրութեան շրջանին դժգոհութիւններու աճի պատճառները:

«Թուրան» գործակալութեան ռուսալեզու Contact.az կայքին մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ Մեհման Ալիեւ կը պնդէ, որ Ալիեւի վարչակազմը հիմնարար ճգնաժամի մէջ է:

Ատոր  պատճառները, ըստ ատրպէյճանցի լրագրողին, մի քանին են` տնտեսական ծանր կացութիւնը, տեղեկատուական հոսքերու առատութիւնը եւ ներիշխանական պայքարը:

«Անկասկած է, որ դժգոհութիւններու աճի հիմնական խթանը դարձաւ Ատրպէյճանի մէջ անհիմն կերպով ձգձգուած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, որու շուտափոյթ յաղթահարման բնակչութեան յոյսերը այդպէս ալ չարդարացան», – նշած է Մեհման Ալիեւը` թուային շարք մը տուեալներով ապացուցելով, որ 2015 թուականէն ի վեր ատրպէյճանական տնտեսութիւնը բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:

«Ազգաբնակչութեան գրեթէ բոլոր խումբերու կենսամակարդակի անկումը կը շարունակուի: Միջին աշխատավարձը 542 ամերիկեան տոլարէն նուազած է` հասնելով 224 տոլարի: Առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու գիները աճած են շուրջ 40 տոկոսով, մանաթը արժէզրկուած է աւելի քան երկու անգամ, երկիրը մեծապէս կախուած է տարատեսակ ապրանքներու ներկրումէն: Կաթի ներկրումը Ատրպէյճան աճած է 2, իսկ միսինը` 4 անգամ», – գրած է «Թուրան»-ի տնօրէնը` մանրամասնելով. – «Ճգնաժամի միւս պատճառը համացանցի հասանելիութիւնն է, ինչը կը զերոյացնէ պետական քարոզչութեան ջանքերը»։

Ատրպէյճանի մէջ համացանցը հասանելի է 8 միլիոն մարդու համար, որոնցմէ 3 միլիոնը ներկայացուած են ընկերային ցանցերուն մէջ: Նման պայմաններու մէջ համացանցը կը զարգանայ իշխանութիւններու սահմանափակ վերահսկողութեան պայմաններուն մէջ` տեղեկատւութեան տարածման արագութեամբ առաջ անցնելով հեռուստատեսութենէն եւ տպագիր մամուլէն:

«Նման իրավիճակի մէջ պետական քարոզչական մեքենան տեղեկատուական հասարակութեան հակադարձելու շատ սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունի: Կառավարամէտ տեղեկատւութեան հանդէպ վստահութիւնը ուղղակի կապ ունի իշխանութեան հանդէպ վստահութեան հետ, որ, սակայն, օրէ օր կը հալի», – նշած է Մեհման Ալիեւը:

Լրագրողի պնդմամբ, Ատրպէյճանի մէջ առկայ ճգնաժամը ա՛լ աւելի կը խորանայ իշխանութեան ներսը ներկայացուած կլաններու պայքարի պատճառով:

«Վերջին միտումները կը վկայեն, որ իշխանութիւնը կը կեդրոնանայ նախագահի ձեռքը, իսկ չինովնիկական օլիկարխիան երթալով կը թուլանայ», – պնդած է «Թուրան» գործակալութեան տնօրէնը` համոզմունք յայտնելով, որ վերը նշուած գործօնները «իրական քաղաքական գործընթացի գլխաւոր բաղադրիչներն են, անոնք կրնան յանգեցնել յեղափոխական հետեւանքներու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment