Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միջազգային Հանրութիւնը Ղարաբաղի Հարցի Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Ունի՝ Բացառել Ուժի Կիրառումը. Քարասին

Միջազգային Հանրութիւնը Ղարաբաղի Հարցի Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Ունի՝ Բացառել Ուժի Կիրառումը. Քարասին

by MassisPost

Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարած է, թէ Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը համակարծիք են, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին վերաբերեալ ուժային սենարները պէտք է բացառուին:

«Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ երեկուայ հանդիպման ժամանակ ի հարկ է, քննարկած ենք Լեռնային Ղարաբաղի թեման, ողջունեցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու հանդիպումը, ցանկութիւն յայտնեցինք, որ այդ հանդիպումները շարունակուին: Այդ ուղղութեամբ կ’աշխատին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եռանախագահները․․․ Յառաջիկային նոր հանդիպումներ պիտի ըլլան, ինչպէս ես կը հասկնամ՝  ե՛ւ նախարարներու, ե՛ւ առաջնորդներու մակարդակով: Հանդիպումները պէտք է լաւ նախապատրաստուին, որպէսզի անոնք բովանդակալից ըլլան, իրական արդիւնքներ ունենան եւ առաջընթաց արձանագրեն: Բայց այս պահուն չափազանց կարեւոր է, որ ղարաբաղեան խնդրի շուրջ միջազգային իրադրութիւնը ըլլայ կանխատեսելի ու հանգիստ: Մենք գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք, որ վերջին ամիսներուն բնորոշ է այդ հանգստութիւնը, իրադրութեան համեմատաբար կանխատեսելիութիւնը: Պէտք է շարունակել այդ ոգիով», – նշած է Քարասինը՝ շարունակելով․ – «Այդ առումով միջազգային հանրութեան մօտ կայ համաձայնութիւն․ բոլոր մասնակիցները, եռանախագահ երկիրները՝ Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, Եւրոմիութիւնը՝ բոլորը համակարծիք են, որ ուժային սենարները պէտք է բացառուին: Իսկ բանակցութիւններու անցկացումը, քայլերու յաջորդականութիւնը, անոնց արդիւնքը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար, այդ թեման շատ արդիական է, բայց հարցը պէտք է քննարկուի հանգիստ, փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ»:

Հարցին, թէ հնարաւոր է, որ այս տարի «ճեղքում» արձանագրուի բանակցութիւններու գործով, Քարասինը պատասխանած է․ – «Շատ բարդ հարց է այդ: Ի հարկ է, բոլորը կ’ուզէին, որ այս խնդրի լուծման վերաբերեալ արագ առաջընթաց արձանագրուէր, բայց պէտք է իրատես ըլլալ եւ յենուիլ առողջ բանականութեան եւ այն բանակցութիւններուն վրայ, որոնք առաջին հերթին կը վերաբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ միջազգային հանրութեան եւ առաջին հերթին եռանախագահներու օգնութեամբ»:

Կրիկորի Քարասինը, որ ընդհանուր առմամբ մօտ տասնչորս տարի կը զբաղեցնէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը, եւ այդ գերատեսչութենէն ներս կը համակարգէ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու հետ Մոսկուայի յարաբերութիւնները, 29 Յունուարին ժամանած էր Երեւան: Անոր ընդունած էր արտաքին գործոց փոխնախարար Զոհրապ Մնացականեանը, եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են երկկողմ օրակարգի հարցեր։

Ռուսաստանցի դիւանագէտը  նաեւ որոշ մանրամասներ յայտնած է, թէ Մնացականեանի հետ՝ օրուան գրեթէ կէս ժամանակը քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն զարգանալ: Ըստ Քարասինի, «կարեւոր է կանխատեսելիութիւնը, երկու կողմն ալ այդ շատ լաւ կը հասկնան»:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ յառաջիկային հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ գումարուի՝ առեւտրա-տնտեսական հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment