Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Մէջ Օտարման ոչ Ենթակայ Հողատարածքը Վաճառուած է Շուկայականէն Աժան, Յարուցուած է Քրէական Գործ

Երեւանի Մէջ Օտարման ոչ Ենթակայ Հողատարածքը Վաճառուած է Շուկայականէն Աժան, Յարուցուած է Քրէական Գործ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան մէջ քրէական գործ յարուցուած է Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձանց կողմէ պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելով օտարման ոչ ենթակայ գոյքը շուկայականէն աւելի քան 5 անգամ ցած գինով վաճառելու դէպքի առթիւ:

Գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէն Երեւանի քաղաքապետարանի նախկին՝ «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութենէն ստացուած գրութեան հիման վրայ ուսումնասիրուած է մայրաքաղաքի Չարենցի 25/1 հասցէի վրայ գտնուող՝ Ճոն Կիրակոսեանի անուան թիւ 20 հանրակրթական դպրոցի յարակից աստիճանահարթակը ընդգրկող հողատարածքի վաճառքի հանգամանքները:

Դատախազութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ «ուսումնասիրութեամբ պարզուել է, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձինք, բաւարար տուեալներ ունենալով այն մասին, որ նշուած հողամասն ընդգրկուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր օգտագործման գօտում եւ, որպէս այդպիսին, ենթակայ չէ օտարման, իրենց պաշտօնէական դիրքն օգտագործել են ծառայութեան շահերին հակառակ եւ առանց սահմանուած կարգով գոյքի գնահատման, նշուած հողատարածքը վաճառել են ընդամէնը 81.928.700 ՀՀ դրամով»: «Գնորդը յետագայում գոյքը երկու անգամ գրաւադրել է պանքում: Այդ շրջանակներում իրականացուած անշարժ գոյքի գնահատմամբ հողատարածքը մի դէպքում գնահատուել է 445.500.000 ՀՀ դրամ, երկրորդ՝ յաջորդող գրաւով գրաւադրման ժամանակ՝ 458.350.000 ՀՀ դրամ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Դէպքի առթիւ Գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան աւագ դատախազի կողմէն  քրէական գործ յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով` «պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է ծանր հետեւանքներ», նախաքննութիւնը յանձնարարուած է Քննչական կոմիտէի քննիչին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment