Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ The New York Times ․«Կատարեալ Գեղեցկութիւն․ Մեթրոփոլիթէնի «Հայաստան» Ցուցադրութիւնը Առանցքային է

The New York Times ․«Կատարեալ Գեղեցկութիւն․ Մեթրոփոլիթէնի «Հայաստան» Ցուցադրութիւնը Առանցքային է

by MassisPost

Ամերիկեան «The New York Times» պարբերականը ծաւալուն յօդուածով անդրադարձած է Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ «Արմենիա» ցուցադրութեան՝ այն վերնագրելով՝ «Կատարեալ գեղեցկութիւն․ Մեթրոփոլիթէնի «Հայաստան» ցուցադրութիւնը առանցքային է»։

Յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, երբ հիմնական երիտասարդները դուրս եկան փողոցներ՝ կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյն փուչիկներով, միւսները իրենց «սմարթֆոներով» կը նայէին այդ ժամանակ ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանին, որ կը քալէր Հայաստանի կեդրոնական փողոցներով։

«Հայաստանը երկիր է այնպիսի պատմութեամբ, որ կրնայ ողողել ձեզ։ Այս գարնան մենք հասկցանք, որ անոր ապագան կրնայ ըլլալ նոյնքան իրադարձութիւններով լեցուն, որքան անցեալը:

nytimes-2

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ  Մեթրոփոլիթէնի թանգարանին մէջ հայկական ցուցադրութեան բացման ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը: Յօդուածին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի Գարեգին Երկրորդի ներկայութեան` ընդգծելով եկեղեցւոյ կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Հայաստանը քրիստոնէութիւնը առաջինն ընդունած երկիրն է, իսկ ցուցահանդէսը յագեցած է խաչքարերով եւ սուրբ մասունքներով, ինչ որ կը վկայէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ինքնուրոյնութեան մասին: Ոչ մէկ թանգարան հայկական արուեստի այսքան ցուցանմուշներ չէ ներկայացուցած: Բոլոր 140 նմուշները բերուած են հայկական թանգարաններէն եւ եկեղեցիներէն եւ շատ քիչ կը տեղափոխուին»,- գրած է յօդուածագիրը:

Պարբերականը լայն անդրադարձ կատարած է ցուցադրութեան` ներկայացնելով նաեւ Հայաստանի պատմութիւնը սկսած այն ժամանակներէն, երբ Հայաստանի Տրդատ 3-րդ արքայի օրօք երկիրը պաշտօնապէս քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն, վերջացուցած 16-րդ դարով, երբ ի յայտ եկած են առաջին տպագիր գիրքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment