Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Որպէս Արմատական-Կառուցողական Ընդդիմութիւն

ՀՀԿ-ն Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Որպէս Արմատական-Կառուցողական Ընդդիմութիւն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի որպէս արմատական-կառուցողական ընդդիմութիւն: 26 Հոկտեմբերին՝ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած աւանդական ճեպազրոյցի ժամանակ, յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը:

Ան ըսած է, որ մօտ ապագային ՀՀԿ-ն համաժողով պիտի իրականացնէ, որու ընթացքին պիտի որոշուի ընտրութիւններուն մասնակցելու վերջնական ձեւաչափը եւ պիտի ընտրուի պատգամաւորներու թեկնածուներու ցանկը: «ՀՀԿ-ն կը ներկայացնի ընդդիմադիր ուժին արժանի ցուցակ», – վստահեցուցած է խմբակցութեան ղեկավարը` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է ընտրութիւններու ցանկացած արդիւնքներուն:

Պատգամաւորը շեշտած է, որ իրենց քաղաքական ուժի նպատակը խորհրդարանական հանրապետութեան արժանի քաղաքական խորհրդարանի ձեւաւորումը պիտի ըլլայ: «Մեզ համար երբեք ինքնանպատակ չի եղել իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն դառնալը: Ցանկացած քաղաքական ուժ պէտք է պատրաստ լինի իրավիճակի փոփոխութեան դէպքում ե՛ւ իշխանութիւն, ե՛ւ ընդդիմութիւն, ներառեալ խորհրդարանում փոքրամասնութիւն լինել», – ըսած է Վահրամ Պաղտասարեանը` չբացառելով, որ ՀՀԿ-ն կրնայ  ընդհանրապէս խորհրդարան չմտնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment