Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ուժերու հարցերով յանձնաժողովի անդամ Ապրահամ Համատէն։
Վարչապետը կարեւորած է Հայաստան–ԱՄՆ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը եւ նշած, որ վերջին շրջանին այն կը կրէ յարաշարժ բնոյթ։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է երկկողմ փոխգործակցութեան հարուստ օրակարգի հետեւողական յառաջմղման անհրաժեշտութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ ՀՀ–ԱՄՆ կապերը կը շարունակեն ընդլայնիլ ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ։
Ապրահամ Համատէ կարեւորած է երկխօսութեան զարգացումը նաեւ խորհրդարանական ձեւաչափով։ Ան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ այդ գործին մէջ ընդգծած է վարչապետ Փաշինեանի անձնական դերն ու հետեւողականությունը։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային գործընթացներու, ինչպէս նաեւ TRIPP նախագիծի իրականացման ընթացքին վերաբերող հարցերու շուրջ։

