Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Սահմանային Անցակէտերուն Մէջ E-Gate Ինքնաշխատ Համակարգեր Պիտի Ներդրուին

Հայաստանի Սահմանային Անցակէտերուն Մէջ E-Gate Ինքնաշխատ Համակարգեր Պիտի Ներդրուին

by MassisPost

Կենսաչափական անձնագրերու կիրառման զուգահեռ Հայաստանի սահմանային անցակէտերուն մէջ կը նախատեսուի ներդնել e-gate (ելեկտրոնային անցակէտ) ինքնաշխատ համակարգեր:

Օգոստոս 17-ին ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պետի տեղակալ Դաւիթ Սանամեանի հետ այցելած է «Զուարթնոց» օդակայան՝ ծանօթանալու e-gate ինքնաշխատ համակարգերու ներդրման նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Նախարարին ներկայացուած են e-gate համակարգերու տեղակայման, գործարկման եւ սպասարկման համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքային լուծումները։

e-gate-ը ինքնաշխատ եւ անհպում սահմանային անցման համակարգ է, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ առանց սահմանապահի միջամտութեան անձնագրի սքանաւորմամբ արագ հատել սահմանը, ինքնաշխատ իրականացնել անձի նոյնականացում, արագացնել սահմանային հսկողութիւնը եւ կրճատել սպասման ժամանակը:

Քննարկուած են նաեւ համակարգերու ներդրման փուլերու, աշխատանքներու կազմակերպման, e-gate համակարգերու արդիւնաւէտ եւ անխափան գործարկման համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովման վերաբերեալ հարցեր։

Ներքին գործերու նախարարը նոյն օրը Երեւանի վաճառատուներէն մէկուն մէջ ծանօթացած է ՆԳՆ Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան՝ աւարտական փուլին գտնուող գրասենեակի շինարարական աշխատանքներուն ու տեխնիկական վերազինման գործընթացին։

Ընդգծուած է շինարարական աշխատանքներու որակական չափանիշերու պահպանումն ու սահմանուած ժամկէտերու մէջ աւարտին հասցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Հետագայ արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու վերաբերեալ նախարարը յաւելեալ յանձնարարականներ տուած է։

«Հայփաս» ընկերութեան կողմէ կառուցուող գրասենեակներու նախագծային եւ լոկիսթիկ լուծումները հիմնուած են «մէկ պատուհանի» սկզբունքի վրայ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ նուազեցնել հերթերն ու կուտակումները, վարչարարական բարդութիւնները եւ զգալիօրէն խնայել քաղաքացիներուն ժամանակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment