Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեծ Հարկատուներ. ԶՊՄԿ-ն Կը Վերադարձնէ Առաջատարի Դիրքը, Խաղային Ոլորտը Կը Շարունակէ Աճիլ

Մեծ Հարկատուներ. ԶՊՄԿ-ն Կը Վերադարձնէ Առաջատարի Դիրքը, Խաղային Ոլորտը Կը Շարունակէ Աճիլ

by MassisPost

Հայաստանի մեծագոյն հարկատուներու ցանկին վրայ 2026 թուականի առաջին կիսամեակին արձանագրուած են էական վերադասաւորումներ: Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի հրապարակած տուեալներոգն համաձայն՝ արդիւնաբերական հսկաները վերադարձուցած են իրենց գերիշխող դիրքերը, մինչդեռ խաղային ոլորտի ընկերութիւնները եւ դրամատուները կը շարունակեն յառաջացնել ծաւալուն հարկային մուտքեր։ Միեւնոյն ժամանակ, նախորդ տարուայ առաջատարներէն ոմանք կտրուկ զիջած են իրենց դիրքերը։

Ընթացիկ տարուայ կիսամեակի արդիւնքներով ամենամեծ հարկատուի տիտղոսը վերադարձուցած է «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը»։ Ընկերութիւնը պետական պիւտճէ վճարած է աւելի քան 41,7 միլիառ դրամ՝ կրկնապատկելով նախորդ տարուայ ցուցանիշը։ Անոր անմիջապէս կը յաջորդէ բջջային հեռախօսներու ներմուծմամբ եւ վաճառքով զբաղող «Մոպայլ Սենթր Արթ» ընկերութիւնը՝ ապահովելով շուրջ 38,1 միլիառ դրամի հարկային մուտք՝ պայմանաւորուած հիմնականին մէջ այդ ապրանքատեսակի դէպի Ռուսաստան վերաարտահանմամբ։

Եռեակը կ’եզրափակէ Հայաստանի դրամատնային համակարգի առաջատարներէն «Արդշինբանկը», որուն վճարած հարկերը հասած են 33,6 միլիառ դրամի։ Առաջին տասնեակին մէջ դիրքերը կը պահպանեն նաեւ ուժանիւթային եւ արդիւնաբերական ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ՝ «Գազպրոմ Արմէնիան»՝ 31,5 միլիառ դրամով, եւ «Գրանդ Տոբակոն»՝ 28,9 միլիառ դրամով։

Տասնեակը կ’եզրափակեն «Ամերիաբանկը» (22,1 միլիառ դրամ), տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ խաղային ոլորտի հսկաներ «Դիջիթէյնը» (17,9 միլիառ դրամ) եւ «Սոֆթ Կոնստրակտը» (17,4 միլիառ դրամ), ինչպէս նաեւ «Կապանի լեռնահարստացման կոմբինատն» (15,7 միլիառ դրամ) ու «Իմվբամ» ընկերութիւնը (13,9 միլիառ դրամ)։ Վերջինս յայտնի «Վայլդբերրիզ» մանրածախ եւ ելեկտրոնային առեւտուրի հարթակի գործառնական ընկերութիւնն է Հայաստանի մէջ:

Դատելով ՊԵԿ-ի տուեալներէն՝ նշանակալի տեղաշարժեր գրանցուած են առաջին յիսուն ընկերութիւններու աղիւսակին մէջ, երբ կը համեմատենք 2026-ի առաջին կիսամեակը 2025-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ։

Աճի շեշտակի ցուցանիշ արձանագրած է ԶՊՄԿ-ն՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ իր հարկային վճարումները աւելցնելով աւելի քան 21,3 միլիառ դրամով կամ 104 տոկոսով։ Ուշագրաւ է, որ «Սոֆթ Կոնստրակտը» եւ «Դիջիթէյնը» միասին պիւտճէ բերած են շուրջ 14,4 միլիառ դրամով աւվելի հարկ, ինչ որ համապատասխանաբար կը կազմէ 76 եւ 62 տոկոս աճ։ Զգալի աճ ապահոված են նաեւ «Արդշինբանկը»՝ 5,6 միլիառ դրամով (20 տոկոս աճ) եւ «Կապանի լեռնահարստացման կոմբինատը»՝ 5,3 միլիառ դրամով (52 տոկոս աճ)։

Ելեկտրոնային առեւտուրի շուկային մէջ արձանագրուած են ուշագրաւ ֆինանսական եւ կառուցուածքային տեղաշարժեր։ Պաշտօնական տուեալներով՝ առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ ոլորտի մեծ խաղցող «Վայլդբերրիզ» ընկերութիւնը կտրուկ զիջած է դիրքերը՝ արձանագրելով հարկային մուտքերու մօտ 90 տոկոս անկում (պիւտճէ վճարուած է ընդամէնը 832 միլիոն դրամ)։ Սակայն «Իմվբամ» ընկերութիւնը, որ կը հանդիսանայ «Վայլդբերրիզ» մանրածախ եւ ելեկտրոնային առեւտուրի հարթակի գործառնական ընկերութիւնը, այս կիսամեակին արձանագրած է հարկերու կտրուկ՝ 164 աճ։ Վճարելով 13,9 միլիառ դրամ՝ այն հաստատուած է Հայաստանի մեծ հարկատուներու առաջին տասնեակին մէջ: Եթէ դիտարկենք ընկերութեան երկու հատուածներու ցուցանիշները միասին, ապա «Վայլդբերրիզ»-ի հայաստանեան հատուածի յառաջացուցած ընդհանուր հարկային մուտքերը իրականութեան մէջ ոչ թէ նուազած, այլ աճած են շուրջ 1,4 միլիառ դրամով։

Ի հակադրութիւն այս աճին՝ շարք մը խոշոր առեւտրային ընկերութիւններ բախած են հարկային մուտքերու կտրուկ նուազման։ Մասնաւորապէս, ելեկտրոնայի սարքերու ներմուծմամբ եւ վաճառքով (ոչ վաղ անցեալին` նաեւ դէպի Ռուսաստան վերաարտահանմամբ) զբաղող «Փրիթի Ուեյ» ընկերութեան վճարած հարկերը նուազած են 9,6 միլիառ դրամով՝ գրանցելով շուրջ 85 տոկոս անկում։ Զգալի նուազումներ արձանագրած են նաեւ «Արթ Վայն» (4,1 միլիառ դրամ պակաս), նաւթամթերքի ներմուծմամբ զբաղող «Ֆլեշ» (3 միլիառ դրամ պակաս) ընկերութիւնները եւ «Յունիբանկը» (2,7 միլիառ դրամ պակաս)։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment