Հայ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձած է «Biel Chess Festival 2026» շախմատի շրջանաձեւ մրցաշարի յաղթողը, կը յայտնէ Հայաստանի Շախմատի դաշնակցութիւնը։
Մասնակիցները մրցած են դասական, արագ եւ կայծակնային շախմատի ձեւաչափերով, իսկ յաղթողը որոշուած է երեք մրցաշարերու արդիւնքներուն ընդհանուր գումարով։
Ընդհանուր դասաւորման մէջ Լեւոն Արոնեան վաստակած է 25 միաւոր։
Հայաստանի Շախմատի դաշնակցութիւնը շնորհաւորած է Արոնեանը եւ անոր մաղթած նորանոր յաղթանակներ։
Մրցաշարը տեղի ունեցած է Զուիցերիոյ մէջ։


