Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկացի Ներդրող Կոնստանդին Սոքոլով Պիտի Ղեկավարէ «TRIPP+» Առեւտրային Հիմնադրամը

Ամերիկացի Ներդրող Կոնստանդին Սոքոլով Պիտի Ղեկավարէ «TRIPP+» Առեւտրային Հիմնադրամը

by MassisPost

Հայաստանով անցնող «TRIPP+» առեւտրային հիմնադրամը պիտի ղեկավարէ ԽՍՀՄ-ի մէջ ծնած, Չիքակօ տեղափոխուած ամերիկացի ներդրող Կոնստանդին Սոքոլով. կը հաղորդէ բրիտանական «The Guardian»-ը: Ըստ պարբերականին, ԱՄՆ
Պետական Քարտուղարութիւնը հաստատած է այս նշանակումը անցեալ Ուրբաթ:

«Ռուսաստան ծնած, Չիքակոյի մէջ մասնաւոր դրամագլուխի ներդրող Կոնստանդին Սոքոլովը պիտի նախագահէ Պետական Քարտուղարութեան նոր ձեռնարկատիրական հիմնադրամը, որ պիտի վերահսկէ Կեդրոնական Ասիոյ առեւտրային միջանցքի համար նախատեսուած աւելի քան 200 միլիոն տոլարը, ներառեալ՝ փոխադրութեան, ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու ոլորտներուն մէջ ներդրումները»,- գրած է հեղինակաւոր պարբերականը՝ յաւելելով, որ Սոքոլովը նախապէս պետական պաշտօններ չէ զբաղեցուցած։

Թերթը յիշեցուցած է, որ Սոքոլովը մէկն է այն 36 նուիրատուներէն, որ ֆինանսական միջոցներ յատկացուցած են ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի՝ Սպիտակ տանպարահանդէսային շքեղ դահլիճի նորոգման համար։ Այս նախագիծը կը գնահատուի 350 միլիոն տոլար։ Կոնստանդին Սոքոլովի նուիրատուութեան չափը յայտնի չէ, վերջինս մերժած է «The Guardian»-ի հարցազրոյցին խնդրանքը։

«TRIPP+» առեւտրային հիմնադրամը, որ հիմնած է եւ պիտի նախագահէ Սոքոլովը, ըստ Պետական քարտուղարութեան, պիտի կառավարէ 201 միլիոն տոլարնոց պիւտճէ, եւ լիազօրուած է տրամադրելու վարկեր, դրամաշնորհներ, ներդրումներ ընել Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի ու Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ մասնաւոր հատուածի ռազմավարական զարգացման համար։

Փետրուարին՝ Երեւան կատարած այցի ժամանակ, ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը «TRIPP+» հիմնադրամը որակած էր որպէս «պատմական վերափոխման» մաս, որ «պիտի բանայ առեւտուրի, տարանցման եւ ուժանիւթային հոսքերու միանգամայն նոր աշխարհ»։

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ «The Guardian»-ի, «յստակ չէ, թէ ինչպէս կրնան Սոքոլովը կամ ԱՄՆ-ն շահոյթ ստանալ հիմնադրամէն ու արդեօ՞ք փոխհատուցում պիտի ստանան իրենց դերակատարութեան համար»։

Սոքոլովը Հայաստանի մէջ յայտնի է որպէս հայաստանեան կապի խոշոր ընկերութիւններէն «Վիվա Արմէնիա»-ի համասեփականատէր։ «Վիվա Արմէնիա»-ն վերջերս ձեռք բերած էր նաեւ այլ ընկերութեան՝ «Ռոստելեկոմ»-ի
բաժնետոմսերը։

Ապրիլին «Ազատութիւն»-ը գրած էր, որ ան նաեւ Թեղուտի պղինձ-մոլիպտենի հանքավայրի հնարաւոր գնորդն է։ Սոքոլովը պաշտօն կը զբաղեցնէ Northern Pillar Energy համընկերութեան մէջ, որ մաքուր ուժանիւթի ու օփթիքամանրաթելային մալուխներու հաղորդակցությամբ կը զբաղի, կապելով Ափրիկէն Եւրոպային, Չիքակոյի մէջ գործող IJS Investments-ի հիմնադիրն է, հիմնադիր է նաեւ Ցիւրիխի մէջ գործող Gotthard Investment AG-ի մէջ. այս ընկերութիւնը կեդրոնացած է ֆինանսական ծառայութիւններու մատուցման, ուժանիւթի ու անշարժ գոյքի ոլորտներուն մէջ։

Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը վստահեցուցած է, որ հիմնադրամը պիտի հետեւի ամերիկեան օրէնսդրութեան պահանջներուն՝ տարեկան հաշուետուութիւններու, անկախ հաշուեքննութեան մասով, ինչպէս նաեւ դրամաշնորհներու տրամադրման ծիրին մէջ՝ շահերու բախման պահանջներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment