Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարոյթի շրջանակին մէջ, Գլխաւոր դատախազութեան միջնորդութեան հիման վրայ, «Արարատցեմենտ» ընկերութիւնը Հակափտածութեան դատարանին որոշմամբ յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման ու պահպանման:
Յիշեցնենք, որ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին Գլխաւոր դատախազութիւնը հայցադիմում ներկայացուցած էր Հակափտածութեան դատարան ընդդէմ Գագիկ Կոլյայի Ծառուկեանի եւ անոր փոխկապակցուած անձերու՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջի մասին:
Հայցադիմումով, որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյք, ի թիւս այլնի, կը պահանջուէր յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել «Արարատցեմենտ» ընկերութեան բաժնետոմսերը:
Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործի շրջանակին մէջ, 2026 թուականի Յուլիս 13-ին Գլխաւոր դատախազութեան կողմէ Հակափտածութեան դատարան ներկայացուած է հայցի ապահովման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն՝ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան բաժնետոմսերու կառավարումն ու պահպանումը Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնելու վերաբերեալ:
Դատարանի՝ 2026 թուականի Յուլիս 15-ի որոշմամբ, ներկայացուած միջնորդութիւնը բաւարարուած է. «Արարատցեմենտ» ընկերութեան բաժնետոմսերուն կառավարումն ու պահպանումը յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան:
Բացի անկէ, հայցադիմումով կը պահանջուի Գագիկ Կոլյայի Ծառուկեանէն բռնագանձել՝
75 անշարժ գոյք եւ 10 գոյքի շուկայական արժէք, որոնցմէ 57-ը կը գտնուին Երեւան քաղաքին մէջ.
42 փոխադրամիջոց.
38 ընկերութեան մէջ մասնակցութիւն, որոնց շարքին են՝ «Մուլտի Գրուպ», «Մուլտի Ավտոտրանս», «Օնիրա քլաբ» եւ այլ ընկերութիւններ.
105 միլիառ 865 միլիոն 865 հազար դրամ, որ կը ներառէ ապօրինի եկամուտի մնացորդը եւ ծախսը, ինչպէս նաեւ տրուած փոխառութիւնները, զիջուած պահանջի իրաւունքը եւ 5 փոխադրամիջոցի շուկայական արժէք:

