Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տոհայի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Քաթարի Պետութեան էմիր շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ։
Վահագն Խաչատուրեան իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Ալ Թանի ընտանիքին եւ Քաթարի ժողովուրդին՝ հայր էմիր շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով, մաղթելով տոկունութիւն եւ ուժ ծանր կորուստի պահուն։
Հանդիպման ընթացքին նախագահը արձանագրած է, որ շէյխ Համատ Ալ Թանիի հմուտ առաջնորդութեամբ իրականացուած մեծածաւալ բարեփոխումներու շնորհիւ Քաթարի Պետութիւնը սրընթաց վերելք ապրած է։
Նախագահ Խաչատուրեան մեծապէս արժեւորած է հայ-քաթարական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի ունեցած աւանդը։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկկողմ համագործակցութեան օրակարգի հարցերուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։

