Հայաստան իր նորանկախ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Փաքիստանի մէջ դեսպան պիտի ունենայ։
Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Կարէն Գրիգորեանը, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Փաքիստանի մէջ ՀՀ դեսպան։
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեանին, համատեղութեան կարգով, նշանակել Փաքիստանի Իսլամական Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Ապու Տապի)»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ։
Հայաստանն ու Փաքիստանը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 2025-ի Օգոստոսին՝ համատեղ շրջաբերականի ստորագրմամբ։ Ըստ շրջաբերականին՝ երկու երկիրներուն կառավարութիւնները կը ձգտին զարգացնելու բարեկամական յարաբերութիւններ՝ ՄԱԿ կանոնադրութեան համապատասխան՝ ներառեալ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգման, յարձակման բացառման, իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելու, հաւասարութեան, փոխշահաւէտութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքները։
***
Մինչ այդ Փաքիստանը չէր ճանչնար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ չունէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ Երեւանի հետ։ Փաքիստանի այս դիրքորոշման հիմնական պատճառը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարամեայ հակամարտութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ։ Փաքիստանը Ատրպէյճանի դաշնակիցն է։ Փաքիստանի ղեկավարները բազմիցս յայտարարած են, որ Հայաստանը պիտի չճանչնան քանի դեռ Ղարաբաղի հարցը լիովին չէ կարգաւորուած Ատրպէյճանի օգտին։

