Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրակաշառքի Տրամաբանութեամբ Գործող Շրջանակները Պէտք Է Զրկել Հետագայ Քաղաքական Գործունէութեան Հնարաւորութենէն․ Փաշինեան

Ընտրակաշառքի Տրամաբանութեամբ Գործող Շրջանակները Պէտք Է Զրկել Հետագայ Քաղաքական Գործունէութեան Հնարաւորութենէն․ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ պէտք է ստեղծուին երաշխիքներ, որպէսզի ընտրակաշառք բաժնելու տրամաբանութեամբ գործող քաղաքական ուժերը Հայաստանի մէջ քաղաքական ազդեցութիւն ունենալու հնարաւորութիւն չունենան։ Վարչապետը այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 2025 թուականի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութիւնը ներկայացնելու ժամանակ։

Անոր խօսքով՝ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւս քաղաքացիները ազատ կամարտայայտման հնարաւորութիւն ունեցած են, սակայն ընտրական գործընթացին մէջ ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ։ Վարչապետին գնահատմամբ՝ այդ մարտահրաւէրներուն արձագանգելու եւ պատշաճ մեխանիզմներ ձեւաւորելու հարցը պէտք է ըլլայ յառաջիկայ քաղաքական օրակարգի կարեւոր հատուածը։

«Մենք այսօր արդէն պէտք է ստեղծենք երաշխիքներ, որ ընտրակաշառք բաժանող եւ այդ տրամաբանութեամբ գործող քաղաքական ուժերը չունենան որեւէ հնարաւորութիւն Հայաստանի Հանրապետութիւնում որեւէ քաղաքական ազդեցութիւն ունենալու»,- նշեց Փաշինեան։

Անդրադառնալով 9-րդ գումարման Ազգային Ժողովին մէջ ձեւաւորուելիք խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ վարչապետը յայտնեց, որ իր գնահատմամբ՝ այն ձեւաւորուած է ապօրինի գործունէութեան հետեւանքով։ «Ըստ էութեան, խորհրդարանական այն ընդդիմութիւնը, որը ձեւաւորւում է 9-րդ գումարման Ազգային Ժողովում, կատարելապէս ապօրինի գործունէութեան արդիւնքում ձեւաւորուած քաղաքական միաւոր է»,- ըսաւ Փաշինեան։

Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինական իրաւունքն է համապատասխան շրջանակները զրկել հետագայ քաղաքական գործունէութեան հնարաւորութենէն։ «Հայաստանի Հանրապետութեան օրինական իրաւունքն է այդ
գործընթացները եւ այդ շրջանակներին զրկել հետագայ քաղաքական գործունէութեան հնարաւորութիւնից, եւ դրա համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ձեռնարկի միջոցներ»,- նշեց վարչապետը։

Վարչապետը նաեւ նշեց, որ քաղաքացիները հարց բարձրացուցած են, թէ ինչո՞ւ այդ խնդիրները մինչ այժմ լուծուած չեն։ Փաշինեանի խօսքով՝ խաղաղութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ նման հարցերու լուծումը էականօրէն դժուար էր։

Նախօրէին յայտնի դարձաւ, որ Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահը դիմած է արդարադատութեան նախարարին՝ ընտրական յանցագործութիւններու դէմ օրէնսդրական խստացումներ նախաձեռնելու առաջարկով:

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանն ալ յայտնած է, որ խորհրդարանի օրակարգ պիտի բերուի երեք օրէնսդրական նախաձեռնութիւն: Առաջին օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, ըստ Սիմոնեանի, պիտի խստացուի ընտրակաշառք տալու եւ առնելու համար պատիժը: Նախապէս առնելու համար պատիժը մինչեւ 7 տարի էր, ընտրակաշառք տալու համար՝ մինչեւ 8 տարի: «Կը խստացուի ու կը ահմանուի վերցնելու համար մինչեւ 9 տարի ազատազրկում, իսկ տալու համար մինչեւ 10 տարի ազատազրկում»,- ըսած է Ալեն Սիմոնեան:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները շրջանառութեան մէջ դրած օրէնքի նախագիծերու փաթեթ, որով կ’առաջարկեն սահմանել, որ Հայաստանի մէջ համապետական ընտրութիւններուն եւ հանրաքուէներուն կրնան մասնակցիլ ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող այն անձերը, որոնք ընտրութիւններուն նախորդած մէկ տարուայ ընթացքին 6 ամիս բնակած են Հայաստանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment