Սթոքհոլմի իրաւարար ատեանը 2026 թուականի Յունիս 16-ի որոշմամբ ամբողջութեամբ բաւարարած է վարոյթի երկատման Հայաստանի միջնորդութիւնը` Liormand Holdings Limited ընկերութիւնը եւ Կարապետեանները ընդդէմ Հայաստանի իրաւարարային գործով:
Հայաստանը ներկայացուցած էր փաստարկներ, որոնցմով հիմնաւորած է, որ իրաւարար ատեանին կողմէ գործի քննութեան իրաւազօրութիւնը բացակայ է։ Միջազգային ատեանը բաւարար հիմքեր տեսած է Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուած բոլոր փաստարկները վարոյթի նախնական փուլին առանձին քննութեան առարկայ դարձնելու համար։
Հայաստանի էական փաստարկներէն է այն, որ Կարապետեանները չեն բաւարարեր համապատասխան միջազգային համաձայնագրով ամրագրուած «ներդրող» հասկացութեան պահանջներուն, ինչպէս նաեւ խախտած են այդ համաձայնագրի 9(2)-րդ յօդուածին պահանջները։
Այս կարեւոր որոշումը հնարաւոր կը դարձնէ, որ միջազգային ատեանը շատ աւելի վաղ փուլին քննարկէ իրաւազօրութեան հարցերը եւ ամբողջութեամբ մերժէ Հայաստանի դէմ ներկայացուած բոլոր պահանջները:

