«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը չի բացառեր փողոցային պայքարով հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի պաշտօնէն։
«Ընտրութիւններն ամբողջութեամբ տապալուած են, կեղծուած են։ Եթէ մենք գտնենք, որ խորհրդարան գնալով մենք աւելի հեշտ կը հեռացնենք Փաշինեանին, ուրեմն կը գնանք խորհրդարան։ Եթէ գտնենք, որ կարող ենք հեռացնել փողոցային պայքարով, ուրեմն կը հեռացնենք փողոցային պայքարով»,- դատարանին բակը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ըսած է Կարապետեան։
Կարապետեանի համոզմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանը չէ յաղթած ընտրութիւններուն, եւ, եթէ այժմ կառավարութիւն ձեւաւորէ, այն անօրինական պիտի ըլլայ։
«Եթէ ինքը (խմբ․ Փաշինեանը) վստահ է, որ յաղթել է, մենք առաջարկում ենք գնալ ճիշդ ճանապարհով, Հայաստանը պէտք է ունենայ օրինական իշխանութիւն։ Առաջարկում ենք գնալ ընտրութիւնների երկրորդ փուլ»,- ըսած է Կարապետեան։
Ըստ Սամուէլ Կարապետեանի՝ ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը հեշտ պիտի ըլլայ, քանի որ ձայներ փոշիացնող ուժերը պիտի չըլլան ընտրապայքարին մէջ։
Յունիս 12-ին «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու դիմում ներկայացուցած է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով։

