ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Եօթանասուն տարի (1918–1988) կիսամեռ եւ կիսանկախ վիճակներէ անցած եւ դառնութիւն ու զրկանք ճաշակած հայաստանցին երեսուն տարի (1988–2018) եւս ալ իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը շահագործող մարդոց անմխիթար եւ աւերիչ «հայրենասիրութիւնը» եւ «ազգասիրութիւնը» փորձելէ ետք, ուզեց քալել ետեւէն անոր, որ բոլորին պոռթկումը իմաստաւորելով՝ կրցաւ յաջողցնել յեղափոխութիւն մը, որ շատերու կողմէ անկարելի կը թուէր:
Եւ յետոյ, երեսուն տարուան ընթացքին կուտակուած անհոգութիւնն ու անճարակութիւնը յեղաշրջեալ «ազգասէրներուն» եւ «հայրենասէրներուն» արդիւնաւորուեցաւ ամօթալի պարտութեամբ մը եւ Արցախի կորուստով, բան մը, որուն համար պատասխանատու նկատուեցաւ նոր իշխանութիւնը հինին կողմէ՝ «հողատու», «դաւաճան» եւ «օղլու» անուանումներով որակուած:
Ամբարտաւանութիւնը հիներուն սակայն խրտչեցուց գիտակից եւ իրապաշտ մեծամասնութիւնը հայաստանցիին, որ չխաբուեցաւ երեւոյթներով եւ կառչած մնաց իր հանգիստ ապագան կերտող իշխանութեան մը հետ, որ խոստացաւ իրեն տալ խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայ: Վստահեցաւ մարդոց, որոնք իրենց շահը մէկդի դրած, հակառակ նախկիններուն, գործեցին ընդհանուրին շահը նկատի ունենալով:
Ու եղան մարդիկ, որոնք կասկածի ենթարկեցին մտային կարողութիւնը այդ հայաստանցիին, որ հակառակ պատերազմի պարտութեան եւ Արցախի դառն կորուստին՝ վերանորոգեց իր քուէով հաւատարմութիւն դաւանիլ ու վստահիլ ներկայ իշխանութեան:
2018 թուականի յեղափոխութենէն ետք իրապաշտութիւնը յաղթեց արկածախնդրութեան, եւ հայաստանցին նախընտրեց հանգիստ քուն քաշել տանջալի երկա՛ր գիշերներէ ետք: Կար ժամանակ, երբ սփիւռքահայը յաճախ կը մեղադրէր հայաստանցի արտագաղթողը ու հայրենադաւ կը նկատէր զինք՝ առանց նկատի առնելու անոր ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ կարիքները, որոնք բնազդաբար աւելի սպառիչ եւ կարեւոր են ԱԶԳԱՅԻՆ պատկանելիութենէն: Սփիւռքահայը օտար երկրի իր հանգիստ աթոռին վրայ նստած՝ հայրենասիրութեան դասեր կ’ուզէր տալ հայաստանցիին, որ գետնի վրայ սրտով ու մարմնով ինքն էր պաշտպանը հայրենիքին: Սփիւռքահայերէն ոմանք կարծեցին, թէ հայրենիքի մէջ ունենալով տուն ու տեղ եւ կարճատեւ այցելութեամբ ու ներկայութեամբ՝ կրնային նոյնքան պարտավճար ըլլալ Հայաստանի, ինչպէս հոն գործող եւ ամէն օր ապրուստը ապահովող հայաստանցին:
Ներկայ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ նախկին վիճակէն դուրս եկած է Հայաստան, արտագաղթը պակսած է, մուրացկանութիւնը դուրսի նկատմամբ վերջ գտած է, աշխարհի հետ իր յարգանքը պարտադրող քաղաքականութիւն հիմնուած է, եւ կախեալութիւնը մեզի հանդէպ խոստումնադրուժ եղող Ռուսիայէն նուազած է:
Հայաստանի խաղաղասէրները դրական նման տուեալներու հիման վրայ է, որ յունիս 7-ի ընտրութիւններուն ի նպաստ քուէարկեցին իշխանութիւններուն՝ մօտաւորապէս յիսուն առ հարիւր (50%) համեմատութեամբ: Անոնց համար կարեւոր նկատուեցաւ հանգիստ եւ խաղաղ ապագայով մը ապրելու կարիքը. զօրաւոր թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու գիտակցութիւնը իրապաշտ դարձուց զիրենք, եւ անոնց հետ գոյակցելու փորձառութիւնը որդեգրեցին Եւրոպայէ մը, որ անվերջ պատերազմներով յոգնած՝ խաղաղութիւնը ընտրեց:
Սփիւռքահայը հաճոյքով պէտք է դիտէ հայաստանցիին կեանքի բարելաւումը եւ զբաղի իր սեփական գաղթական օճախը բարելաւելու գործով: Պէտք է, որ հոն ծաւալող գիտական եւ տնտեսական զարգացումներուն մէջ տեսնէ իր ցեղասպանուած ժողովուրդին դարաւոր երազած նախանձելի վերածնունդը:
Հայ սփիւռքը օրինակ պէտք է առնէ Թորոնթոյի մէջ մշակուող եւ զարգացող բարեշրջումներէն, որոնք օրինակելի կը դարձնեն այս փոքրաթիւ գաղութը իր կարող հոգատարներով: Հայ Կեդրոնի շրջանակը իր հոգատարութեան տակ գործող դպրոցի աշակերտութեան ծաւալող թիւը նկատի ունենալով՝ վերջերս խիզախ քայլով մը գնեց մօտաւորապէս 16 միլիոն արժէք ունեցող շէնք մը իր մօտակայքը՝ երկրորդական վարժարանի իր աշակերտութեան տեղ տրամադրելու համար: Նմանապէս, Թորոնթոյի հայ գաղութին պատիւ բերող ձեռնարկով մը տեղւոյս Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շրջանակը աշխուժօրէն կը ծրագրէ շինել բազմամիլիոն գումարներով կանգնեցուելիք հայ երէցներու համար տուն մը իր յարակից բազմայարկ շէնք(եր)ով:
Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներու հայաթափումը ցաւալի ըլլալով հանդերձ, մխիթարական է տեսնել նոր եկուորներով հարստացումը Գանատայի, Ամերիկայի, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ հայկական գաղութներուն: Կար ժամանակ, երբ Լիբանանի հայութիւնը երկրի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառաւ կը լքէր իր ծննդավայրը արցունքոտ աչքերով: Նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան սուրիահայերը եւ իրաքահայերը՝ լքելով իրենց շատ սիրած ծննդավայրերը: Մեղաւո՞ր էին արդեօք անոնք, որոնք իրենց զաւակներու ապագան նկատի առնելով լքեցին տուն ու տեղ՝ ճաշակելով մրուրը գաղթականութեան…:
Հոս արդար է հարց տալ նաեւ, թէ մեղաւո՞ր են արդեօք հայաստանցի խաղաղասէրները, որոնք «դաւաճան», «հողատու» եւ դեռ որքան գէշ որակում կը ստանան «հայրենասիրութիւն» դաւանողներու կողմէ, պարզապէս որովհետեւ կը ցանկան ապրիլ հանգիստ ու խաղաղ՝ իրենց զաւակներուն փայլուն ապագայ մը երազելով:

