Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան Ժողովի Ճաշկերոյթը Պատուեց Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանը եւ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան Ժողովի Ճաշկերոյթը Պատուեց Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանը եւ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը

by MassisPost

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան Ժողովի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Թինէք քաղաքին մէջ գտնուող Teaneck Marriott at Glenpointe պանդոկին մէջ։ Ընկերակցութեան բարեկամները եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ու միութիւններու ներկայացուցիչները համախմբող երեկոն նուիրուած էր «Մեր Մնայուն Ազդեցութիւնը Սերունդներու Վրայ» նիւթին եւ պատուեց երկու յարգարժան անձնաւորութիւններ, որոնց տասնամեակներու ծառայութիւնը մնայուն ներդրում ունեցած է կազմակերպութեան եւ Հայ Աւետարանական համայնքին մէջ։ Անոնք էին՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի  նախկին Գործադիր Տնօրէնը ինչպէս նաեւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Վարչական Խորհուրդներու նախկին անդամը, եւ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի նախկին անդամն ու գանձապահը։

Երեկոն սկսաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահներ՝ Լիւսիէն Այնիլեանի եւ Անիթա Պուչաքճեանի ջերմ ողջոյնի խօսքերով։ Տօքթ. Մայքլ Ոսկեան ստանձնեց հանդիսավարի պաշտօնը՝ ջերմութեամբ եւ նրբագեղութեամբ առաջնորդելով երեկոյին յայտագիրը։ Կրէկ եւ Կարեն Լոշխաճեան եղբայրները կատարեցին ազգային քայլերգները, որմէ ետք բացման աղօթքը մատուց Վեր. Ճոզէֆ Կարապետեան՝ Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւը։

«Աւետարանչականի Փոխակերպող Ազդեցութիւնը» խորագրով տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան ողջունեց հիւրերը եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան մնայուն առաքելութեան ու աշխարհի զանազան համայնքներուն մէջ անոր շարունակական դրական ազդեցութեան։ «Ձեր տեսած իւրաքանչիւր բան… իւրաքանչիւր երեխայ, որ օգնութիւն ստացած է, իւրաքանչիւր աշակերտ, որուն առիթ տրուած է, իւրաքանչիւր եկեղեցի, որ զօրացած է, իւրաքանչիւր կեանք, որ փոխուած է… դուք այդ պատմութեան մէկ մասն էք։ Ա՛յս է ձեր Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը։ Հպարտացէ՛ք անով։ Օգնեցէ՛ք մեզի պատմելու անոր պատմութիւնը։ Եւ միասին, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, գրենք յաջորդ գլուխը», ըսաւ Պրն. Պուչաքճեան։

Ապա Պրն. Պուչաքճեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան Նորին Գերազանցութիւն Նարեկ Մկրտչեանը, որ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Դեսպան Մկրտչեան իր գնահատանքը յայտնեց Աւետարանչականի՝ Հայաստանի հանդէպ երկարամեայ յանձնառութեան համար՝ շեշտելով կազմակերպութեան ներդրումը 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք իրականացուած օգնութեան եւ կրթական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի վերակառուցման եւ զարգացման ուղղութեամբ անոր շարունակական աջակցութիւնը։

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի Պատուումը

Երեկոյի առաջին պատուեալն էր Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանը, որուն տասնամեակներու հաւատարիմ առաջնորդութիւնն ու նուիրեալ ծառայութիւնը խոր հետք ձգած են Հայ Աւետարանական համայնքին մէջ։

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայ Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան Խորհուրդին անունով յարգանքի խօսք մատուց, իսկ Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Աւագ Հովիւը, Միութեան անունով իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։

Անդրադառնալով Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի՝ Համաշխարհային Խորհուրդին մէջ 23 տարուան առաջնորդական ծառայութեան, Վեր. Դոկտ. Եումշաճըգեան ըսաւ. «Քսաներեք տարին երկար ժամանակ է՝ այս ծառայութեան նուիրուելու համար։ Այդ տարիներուն ընթացքին Վեր. Թութիկեան իր սիրտն ու հոգին դրաւ այս Խորհուրդին ծառայութեան մէջ։ Ան ծառայեց ջանասիրութեամբ, յանձնառութեամբ եւ անկեղծ խանդավառութեամբ։ Իրեն համար այս պաշտօնը պարզապէս աշխատանք մը չէր, այլ՝ կոչում մը։ Ան առաջնորդութեան պատասխանատուութիւնները ստանձնեց իմաստութեամբ, խոնարհութեամբ եւ ուղղամտութեամբ՝ միշտ ձգտելով ընել այն, ինչ որ լաւագոյնս պիտի ծառայէր եկեղեցիներուն եւ յառաջ պիտի մղէր Աստուծոյ Թագաւորութեան գործը»։

Վեր. Շահնազարեան շեշտեց, թէ Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի ժառանգութեան իսկական արժէքը շատ աւելին է, քան իր մասնագիտական իրագործումները։ «Այս երեկոյ ամենէն աւելի մեր տօնածը պաշտօններու, աստիճաններու, հրատարակութիւններու կամ պատիւներու տպաւորիչ ցանկը չէ։ Մենք կը նշենք հաւատարիմ ծառայութեան կեանք մը՝ կեանք մը, որ նուիրուած է քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր հայկական ժառանգութեան ուսուցման ու փոխանցման», ըսաւ ան։

Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ յարգանքի տեսերիզ մը՝ Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի կեանքի տարբեր հանգրուաններէն լուսանկարներով՝ մանկութենէն մինչեւ մեր օրերը։ Համաշխարհային Խորհուրդի, Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան ներկայացուցիչները այնուհետեւ յատուկ նուէրներ յանձնեցին անոր՝ որպէս գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան եւ առաջնորդութեան։

Իր սրտառուչ խօսքին մէջ Վեր. Դոկտ. Թութիկեան իր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնեց Աւետարանչականին՝ այս հանդիսութիւնը կազմակերպելու եւ իր 67 տարուան ծառայութիւնը գնահատելու համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Հայ Աւետարանական համայնքին ծառայելու եւ անոր հոգեւոր աճին ու մնայուն առաքելութեան նպաստելու առանձնաշնորհումին համար։

Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանի Պատուումը

Ընթրիքէն ետք, Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլիփս ներկայացուց երեկոյի երկրորդ պատուեալը՝ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը, գնահատելով Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամ եւ գանձապահ անոր նուիրեալ ծառայութիւնը։

Պրն. Ֆիլիփս շեշտեց Դոկտ. Հելվասեանի յանձնառութիւնը Աւետարանչականի հանդէպ, անոր միջոցներուն հաւատարիմ ու պատասխանատու տնօրինումը եւ Ընկերակցութեան առաքելութեան յառաջմղման ուղղութեամբ անոր արժէքաւոր ներդրումները։ Մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի՝ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն, ան ըսաւ. «տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ»։ Ապա աւելցուց. «Նուրհան, դուն հաւատարմութիւնդ աւելի քան ապացուցանած ես»։

Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը՝ նուիրուած Դոկտ. Հելվասեանի ծառայութեան եւ Աւետարանչականի մատուցած իր ներդրումներուն։ Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, անոր յանձնուեցաւ յատուկ նուէր մը՝ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան։

Դոկտ. Հելվասեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս գնահատանքին համար եւ անդրադարձաւ բազմաթիւ նուիրեալ անձերու հետ միասին ծառայելու առանձնաշնորհումին։ «Սրտագին երախտագիտութեամբ կ՚ընդունիմ այս գնահատանքը՝ Աւետարանչականի գանձապահի պաշտօնովս մատուցած ծառայութեանս համար։ Տարիներու ընթացքին առանձնաշնորհումն ունեցած եմ գործակցելու բազմաթիւ նուիրեալ եւ հաւատարիմ անձերու հետ։ Այդ առիթին համար Տիրոջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Արդարեւ, պատիւ եւ առանձնաշնորհում եղած է ինծի համար ծառայել այս հրաշալի կազմակերպութեան, որ ինքզինք կը նուիրէ երկրի վրայ Աստուծոյ գործը կատարելուն», ըսաւ Դոկտ. Հելվասեան։

Ապա Զուլալ երաժշտական համոյթը, որ ճանչցուած է հայկական ժողովրդական երգերու իր ինքնատիպ մեկնաբանութիւններով, ներկաներուն հրամցուց հայկական երեք ժողովրդական երգեր՝ երեկոյին հաղորդելով երաժշտական յատուկ շունչ մը։

Իր փակման խօսքին մէջ Պրն. Պուչաքճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահներ Լիւսիէն Այնիլեանին եւ Անիթա Պուչաքճեանին՝ իրենց բացառիկ առաջնորդութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն՝ իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ նուիրումին համար։ Ան նաեւ գնահատեց Նիւ Ճըրզիի, Գալիֆորնիոյ, Մոնթրէալի եւ Երեւանի Աւետարանչական Ընկերակցութեան աշխատակազմերուն ջանքերը՝ այս երեկոն յաջողութեամբ պսակելու համար։ «Ամէն բանէ վեր, սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որ այս երեկոյ հոս ներկայ էք, ձեր առատաձեռնութեան եւ Ընկերակցութեան ու անոր առաքելութեան հանդէպ ձեր շարունակական աջակցութեան համար։ Ձեր յանձնառութիւնն ու բարեկամութիւնն են, որ այսպիսի երեկոները իմաստալից կը դարձնեն», ըսաւ Պրն. Պուչաքճեան։

Ճաշկերոյթը եզրափակուեցաւ Կրէկ Լոշխաճեանի առաջնորդութեամբ «Հայր Մեր» աղօթքի երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրհնութեան աղօթքը մատուց Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի  եւ թէ՛ Հայկազեան Համալսարանի նախագահը։

Երեկոն նշանակալից յիշեցում մը եղաւ այն մասին, թէ հաւատարիմ ծառայութիւնը, քրիստոնէական առաջնորդութիւնը եւ Հայ Աւետարանական համայնքին հանդէպ միացեալ յանձնառութիւնը որքան մնայուն ազդեցութիւն կրնան ունենալ յաջորդող սերունդներուն վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment