Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարդերու Եւ Բանջարեղէնի Առաջին Խմբաքանակը Արդէն Դուրս Եկած Է Դէպի Եւրոպա

Վարդերու Եւ Բանջարեղէնի Առաջին Խմբաքանակը Արդէն Դուրս Եկած Է Դէպի Եւրոպա

by MassisPost

Հայկական ապրանքներու նկատմամբ Ռուսաստանի սահմանափակումներու լոյսին տակ,
վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ վարդերու եւ բանջարեղէնի առաջին
խմբաքանակը արդէն դուրս եկած է դէպի Եւրոպա եւ այլ երկիրներ:

«Տեղ կը հասնեն, նոր կ’ասեմ, թէ որ երկրներ, ոչ մի ապրանք չի մնալու»,-
Յունիս 2-ին Գեղարքունիքի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ըսած է
Փաշինեան։

Նախօրէին տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտնած էր, որ Հայաստան
արտահանում պիտի իրականացնէ դէպի Յունաստան, Գերմանիա եւ այլ երկիրներ։
Նախարարին խօսքով՝ Տնտեսութեան նախարարութիւնը արտահանման աջակցութեան
ծրագրեր ներկայացուցած է դէպի Եւրոպական Միութիւն, Մերձաւոր Արեւելք՝
փոխադրութեան ծախսերու փոխհատուցում, մաքսատուրքի փոխհատուցում։

«Եւրոպական Միութեան արտահանումը կրկնապատկուել է, նպատակ ունենք
քառապատկենք, հնգապատկենք մինչեւ տարեվերջ»,- ըսած է Պապոյեան։

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Ռուսաստանը կոշտացուցած է
իր հռետորաբանութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment