Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Կը Դատապարտէ ՌԴ-ի Կողմէ Հայաստանի Նկատմամբ Ճնշման Որեւէ Փորձ

ԵՄ-ն Կը Դատապարտէ ՌԴ-ի Կողմէ Հայաստանի Նկատմամբ Ճնշման Որեւէ Փորձ

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը կը դատապարտէ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու որեւէ փորձ։

«Որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ անկախ երկիր՝ Հայաստանը ունի իր սեփական ուղին եւ գործընկերները ընտրելու բոլոր իրաւունքները»,- յայտնած է ԵՄ խօսնակ Անուար Էլ Անունին։

«Ռուսաստանը նպատակ ունի վնասել Հայաստանի տնտեսութեան եւ ազդել Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ»,- պնդած է ԵՄ խօսնակը՝ յաւելելով, որ Պրիւքսէլը պիտի շարունակէ աջակցել Հայաստանին՝ «նման հարկադրանքի փորձերը յաղթահարելու համար»։

Անցեալ շաբաթ օրը Մոսկուան Հայաստանէն ետ կանչեց իր դեսպանը՝ «խորհրդակցութիւններու» համար, նախագահ Փութինն ալ քննադատեց Հայաստանի մերձեցումը ԵՄ-ի հետ եւ կոչ ըրաւ «հնարաւորինս շուտ» հանրաքուէ կայացնելու եւ կողմնորոշուելու ԵՄ-ի ու ԵԱՏՄ-ի միջեւ։

Վերջին օրերուն Մոսկուան նաեւ շարք մը սահմանափակումներ մտցուցած է հայկական խմիչքներու, ծաղիկներու, միրգերու եւ բանջարեղէնի ներմուծման վրայ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment