ՀՀ կառավարութիւնը 6 եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքներուն պիտի աջակցի բնակարանային ապահովման հարցով։
Ծրագիրը պիտի գործէ 2027 թուականի Յունուար 1-էն։ Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 643 ընտանիք ունի 6 եւ աւելի անչափահաս երեխայ։ Ծրագրին նպատակն է աջակցիլ բազմազաւակ ընտանիքներուն եւ նպաստել երկրին մէջ ծնելիութեան մակարդակի բարձրացման։
Ծրագրին պայմանները բաւարարող ընտանիքը իւրաքանչիւր անչափահաս երեխայի հաշուով պիտի ստանայ 4 միլիոն դրամ՝ հիփոթեքային վարկով բնակարան ձեռք բերելու կամ անհատական բնակելի տուն կառուցելու համար։

