Հայկական ընկերութիւնները առաջին անգամ հայկական արտադրութեան զէնք արտահանած են։ Այս մասին յայտնած է բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար նախարար Մխիթար Հայրապետեանը։
Նախարարին խօսքով՝ այս էր պատճառը, որ կառավարութիւնը վերջին տարիներուն միլիառաւոր դրամներու ներդրումներ կատարած է ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։
«Մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ ուզում եմ ձեզ յայտնել, որ հայկական երեք ընկերութիւններ, երկու տարբեր երկրներ զէնք են արտահանել Մայիս ամսուայ ընթացքում։ Բաւականաչափ բարդ, խրթին, լոկիսթիկ ճանապարհներ անցնելով, դժուարութիւնների միջով անցնելով հայկական ընկերութիւնները կարողացել են հասնել նպատակային կէտին»,- ըսած է նախարարը։
Օրեր առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցի իր էջերով Մայիս 28-ին նախատեսուած զօրահանդէսի փորձէն պատկերներ հրապարակած էր, որուն մէջ ներկայացուած էին հայկական արտադրութեան «DEV–3» հետախուզահարուածային թռչող սարքերը։

