Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ուժեղ Հայաստան»-ին Վերագրուող Հերթական Ընտրակաշառքի Գործը. Կան Ձերբակալուածներ

«Ուժեղ Հայաստան»-ին Վերագրուող Հերթական Ընտրակաշառքի Գործը. Կան Ձերբակալուածներ

by MassisPost

«Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի ասուլիսէն կարճ ժամանակ անց Հակափտածութեան Կոմիտէն յայտարարեց անոր կուսակցութեան վերագրուող հերթական ընտրակաշառքի գործի մասին:

Իրաւապահները յայտնեցին, որ ձերբակաած են Սամուէլ Կարապետեանի խումբին հետ առնչութիւն ունեցող անձեր: Ըստ վարոյթին՝ Օրենպուրկի մէջ ապրող հայ գործարարը կազմակերպած է, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ի օգտին քուէարկելու պայմանով ընտրողներուն տարատեսակ խոստումներ տրուին՝ օրինակ, զիջին պարտքերը, աշխատանքի ընդունին եւ ընտրակաշառքի այլ տարբերակներ:

Հակափտածութիւնը չի բացայայտեր, թէ քանի հոգի ձերբակալած է եւ ովքեր են անոնք: Կը նշուին նաեւ, որ ձերբակալուածները փորձած են խոչընդոտել Սիսիանի բնակիչներու ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացման՝ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքով: Հակափտածութեան Կոմիտէին հաղորդագրությունը հրապարակուեցաւ հերթական գաղտնալսմամբ, որուն մէջ որոշ անձեր գումարներու մասին կը խօսին, զրոյցներ կան նաեւ զէնք վերցնելու մասին: Թէ ովքեր են անոնք եւ ինչ պայմաններու մէջ իրականացուած է գաղտնալսումը, իրաւապահները չեն մանրամասնած:

Չնայած օր-օրի աւելցող քրէական գործերուն՝ Սամուէլ Կարապետեան այսօր հերքած է գումար բաժնելու մասին իրաւապահներուն պնդումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment