Եգիպտոսի մայրաքաղաք Կահիրէի մէջ տեղի ունեցող սպորտային մարմնամարզութեան աշխարհի գաւաթի չորրորդ փուլի մրցաշարին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Համլէտ Մանուկեան յաղթանակ արձանագրեց նժոյգ-թափեր վարժութեան մէջ՝ վաստակելով 14.800 միաւոր։ Երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւեցին Ղազախստանի ներկայացուցիչները։
Փարիզի Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու բրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի եռակի ախոյեան եւ աշխարհի կրկնակի գաւաթակիր Արթուր Դաւթեանը եւս անգերազանցելի էր Կահիրէի մէջ ընթացող աշխարհի գաւաթի չորրորդ փուլի հենացատկի վարժութեան մէջ։
Եզրափակիչին Դաւթեանը վաստակեց 14.666 միաւոր։ Որակաւորման փուլը ան յաղթահարած էր 14.383 միաւորով եւ առաջին տեղէն դուրս եկած էր եզրափակիչ։
Արթուր Աւետիսեանը օղակներու վարժութեան մէջ գրաւեց երկրորդ տեղը՝ արձանագրելով 14.300 միաւոր։ Ոսկէ մետալը նուաճեց յոյն մարզիկ Էլեֆթերիոս Պետրունիասը՝ 14.366 միաւորով։
Աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան վեց փուլերէն Հայաստանի հաւաքականը մասնակցած էր միայն մէկին՝ Գերմանիոյ Քոթպուսի մէջ կայացած առաջին փուլին։
Երկրորդ փուլը ազգային հաւաքականը բաց թողուց, քանի որ այն տեղի կ’ունենար Պաքուի մէջ։ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած երրորդ փուլին եւս խումբը չմասնակցեցաւ, որովհետեւ Տոհայէն հայրենիք վերադառնալը անկարելի դարձած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն պատճառով։
Հինգերորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Խրուաթիոյ Օսիեք քաղաքին մէջ։
Վեցերորդ փուլը, որ պէտք էր կայանար Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ չեղարկուած է, դարձեալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն պատճառով։



