ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան Երեւանի մէջ 2027 թուականին կայանալիք Ֆրանքոֆոն մարզամշակութային խաղերու կայացումը բացառիկ կարեւոր քայլ կը համարէ երկրի դիրքաւորման տեսանկիւնէն:
«Շատ կարեւոր մի իրադարձութեան նախաշեմին ենք, որը հնարաւորութիւններ է բացում ինչպէս Հայաստանի դիրքաւորման, այնպէս էլ մեր երկրում մարզական ու մշակութային մեծ տօնի անցկացման առումով։ Ֆրանքոֆոն խաղերում ներկայացուած են լինելու լաւագոյն մարզիկները, իսկ մշակութային անուանակարգերի համար կը յայտարարուի բաց մրցոյթ: Ընդհանուր առմամբ ակնկալում ենք մօտ 4000 մասնակցի հիւրընկալել»,- ըսած է Անդրէասեան:
Անդրադառնալով խաղերու բուն մարզական կողմին՝ Անդրեասեան ընդգծած է, որ նախապատրաստական փուլին քննարկուող բարդ հարցերէն մէկը աթլեթիքսի մարզաձեւի կայացումը կազմակերպելու հարցն է: Որոշուած է Խաղերու աթլեթիքսի ու փարաաթլեթիքսի մրցումները կայացնել «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ:
«Կը համատեղենք մեր ջանքերը՝ գտնելու համապատասխան լուծումներ: Աշխատանքներն այս պահին էլ շարունակւում են»,- ըսած է նախարարը:

