Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտուն յայտնած է, որ կ’աջակցին Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին՝ ժողովրդավարական ապագան պաշտպանելու հարցոէ։ Սանտու այս մասին նշած է Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նիստի ընթացքին։
«Ես ցաւով կը հետեւիմ Վրաստանին: Չնայած վրացի ժողովուրդի խիզախութեան, որ կը շարունակէ պաշտպանել ժողովրդավարական արժէքները, եւրոպական ձգտումները եւ իր ապագան ինքնուրոյն որոշելու իրաւունքը, Ռուսաստանը Վրաստանը վերադարձուց իր ուղեծիր՝ ուժեղացնելով պատերազմի հանդէպ վախը՝ ազդարարելով, որ ընտրութիւններուն մէջ սխալ ընտրութիւնը պիտի արժէ խաղաղութիւն։ Այժմ Հայաստանը կը դառնայ նոյն ռազմավարութեան թիրախ, որ ուղղուած է ինքնիշխանութեան տկարացման, կ’ազդէ ժողովրդավարական ընտրութեան վրայ եւ կ’օգտագործէ ներքին խոցելիութիւնները»,- նշած է Սանտու։

