Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Մէջ Աղօթքի Նախաճաշի Մասնակիցները Կը Հերքեն Պնդումները, Թէ Հայաստանի Վարչապետը Կը Պատերազմի Քրիստոնէութեան Դէմ. CBN-ի Յօդուածը

Երեւանի Մէջ Աղօթքի Նախաճաշի Մասնակիցները Կը Հերքեն Պնդումները, Թէ Հայաստանի Վարչապետը Կը Պատերազմի Քրիստոնէութեան Դէմ. CBN-ի Յօդուածը

by MassisPost

Ամերիկեան քրիստոնէական լրատուական ցանցը՝ The Christian Broadcasting Network (CBN), անդրադարձած է Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կայացուած Աղօթքի նախաճաշին՝ նշելով, որ անոնց մասնակցած տեղական եւ ԱՄՆ հոգեւոր առաջնորդներու գնահատմամբ՝ իրականութեան չեն համապատասխաներ շրջանառուող պնդումները, թէ «Հայաստանի վարչապետը կը պատերազմի քրիստոնէութեան դէմ»։

Նիւթի հեղինակ Չաք Հոլթըն կը յիշեցնէ, որ ամերիկացի լրատուական դէմք Թաքեր Քարլսըն նախապէս յայտնած էր, որ Հայաստանի վարչապետը «կը պատերազմի քրիստոնէութեան հետ»։ Սակայն, ըստ յօդուածի հեղինակին, Երեւանի մէջ կրօնական կեանքը ազատ է․ եկեղեցիները բաց են, հոգեւորականները կը նստին պետական ղեկավարներու կողքին, իսկ Աղօթքի նախաճաշին կը մասնակցին հայկական ու ամերիկեան հոգեւոր առաջնորդներ։

Յօդուածին հեղինակը յիշատակած է հայ փորձագէտները, որոնք կը վիճարկեն Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին հնչող մեղադրանքները, թէ Հայաստանի մէջ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները կապ ունին անոնց դաւանանքին հետ։

Ան մէջբերած է քաղաքական վերլուծաբան Էլեն Հոխիկեանի յայտարարութիւնը այն մասին, որ ձերբակալուած հոգեւորականներէն առնուազն երկուքը ներգրաւուած եղած են գործուն քաղաքականութեան մէջ։

«Թոյլ տուէք դա այսպէս ձեւակերպել. նրանցից մէկը զինուորականներին կոչ էր անում իրականացնել պետական յեղաշրջում, եւ անգամ կրկնել էր իր այդ դիրքորոշումը։ Միւսը նախաձեռնել էր ընդդիմադիր շարժում։ Սա, որոշ իմաստով, խթանեց Ռուսաստանի աւելի աշխոյժ միջամտութիւնը Հայաստանի արտաքին գործերին»,- նշած է Հոխիկեան։

Յօդուածի հեղինակին խօսքով՝ այս քաղաքական բախումները տեղի կ’ունենան այն փուլին, երբ Հայաստան կը փորձէ նուազեցնել Ռուսաստանի երկարամեայ ազդեցութիւնը։ Միաժամանակ, ԱՄՆ-ի որոշ քրիստոնեայ առաջնորդներ, որոնք հանդիպած են Հայաստանի վարչապետին հետ, կը նշեն, որ «քրիստոնէութեան դէմ պատերազմի» մասին պնդումները ոչ միայն սխալ են, այլ նաեւ կը ծառայեն Ռուսաստանի շահերուն։

Յօդուածագիրը յիշատակած է նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին անդամ Լուի Կոմերթի խօսքերը, որ մասնակցած է Երեւանի մէջ կայացած Աղօթքի նախաճաշին։ Կոմերթ պատմած է, որ իր ընկերները իրեն յօդուածներ ուղարկած են եւ հարցուցած՝ «արդեօք տեղեա՞կ է, որ Հայաստանի վարչապետը պատերազմ սկսած է քրիստոնէութեան դէմ»։

«Կարդացի այդ յօդուածները, ուսումնասիրեցի հարցը եւ ինծի վստահելի մարդոցմէ տեղեկացայ, որ ան չի պատերազմիր քրիստոնէութեան դէմ։ Ես եկայ, քանի մը օր անցուցի անոր հետ, մասնակցեցայ երկու Աղօթքի նախաճաշի, անձամբ հանդիպեցայ անոր հետ եւ լսեցի զայն։ Եւ հասկցայ, որ ան քրիստոնէութեան դէմ պայքարող մարդ չէ։ Ան կը փորձէ գործել քրիստոնէական եւ աստուածաշնչեան սկզբունքներուն համաձայն։ Ես շատ տպաւորուած եմ անով։ Բայց երբ կը փորձես ընել այն, ինչ ան կ’ընէ, այդպիսի յարձակումներու կ’ենթարկուիս»,- նշած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին անդամը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment