Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Նկատմամբ Նոր Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

Սերժ Սարգսեանի Նկատմամբ Նոր Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

by MassisPost

Դատախազը 2025 թուականի Նոյեմբերի 5-ին Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ հանրային նոր քրէական հետապնդում յարուցած է՝ 2003 թուականի Ապրիլ 18-ին ընդունուած Քրէական օրէնսգիրքի 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, որ կը համապատասխանէ գործող Քրէական օրէնսգիրքի 435-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտին (առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալ):

«Հայկական ժամանակ»-ի հետ զրոյցին այս մասին  յայտնեցին Գլխաւոր դատախազութենէն:

Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է այն բանին համար, որ նա 1998-2010 թուականներու ընթացքին ռուսաստանաբնակ գործարարէն՝ Միխայիլ Պաղտասարովէն, պահանջած եւ ստացած է առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք, որ դրսեւորուած է Հայաստանի մէջ արտօնեալ պայմաններով գործունէութիւն ծաւալելու դիմաց ստացուած եկամուտի կէսը Սերժ Սարգսեանին փոխանցելով:

Աւելի վաղ, Արմէն Աշոտեան յայտնած էր, որ Հակափտածութեան կոմիտէն փակած է Սերժ Սարգսեանի ելքը Հայաստանէն նոր մեղադրանքի առիթով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment