Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գինէն Կախուած Է՝ Կառավարութիւնը Կը Գնէ՞ ՀԷՑ-ը, Թէ՞ Ոչ

Գինէն Կախուած Է՝ Կառավարութիւնը Կը Գնէ՞ ՀԷՑ-ը, Թէ՞ Ոչ

by MassisPost

ՀԷՑ-ը (Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր) ձեռք բերելու հարցով կառավարութիւնը վերջնական դիրքորոշում պիտի յայտնէ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի որոշումէն յետոյ։ Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ։

«Հարց է ծագելու ինչքան է գինը, գնից է կախուած, իսկ գինը պէտք է որոշուի համակողմանի վերլուծութեան արդիւնքում»,- ըսաւ վարչապետը։

Փաշինեանի խօսքով՝ յանձնաժողովին որոշումը պիտի սահմանէ, թէ կառավարութիւնը պիտի երթայ ՀԷՑ-ը պետական պիւտճէի միջոցներով գնելու տարբերակով, թէ՝ մասնաւորեցման ուղիով։

Վարչապետը նշեց, որ եթէ առաջարկուող գինը տրամաբանական ըլլայ եւ պիւտճէի հնարաւորութիւններուն համահունչ, կառավարութիւնը լրջօրէն պիտի քննարկէ գնելու տարբերակը։ Եթէ գինը չափազանց բարձր ըլլայ, պիտի իրագործուի երկրորդ բեմագիրը՝ մասնաւորեցում միջազգային հեղինակութիւն ունեցող ընկերութեան մասնակցութեամբ։

Ան յաւելեց, որ կառավարութիւնը որեւէ տարբերակի պարագային պիտի պահպանէ որոշակի ներկայութիւն՝ օրէնսդրական կամ բաժնետոմսային մեխանիզմներով։ Փաշինեան ընդգծած է, որ հարցը կը ներառէ տնտեսատեխնիկական նրբութիւններ, որոնց գնահատումը պէտք է իրականացնեն մասնագէտները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment