Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ:
Վերջինս ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ նշած, որ այս հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղուած օրակարգային հարցերը:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ յաւելելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը կարեւորէ Տաճիկիստանի հետ բազմոլորտ կապերու ընդլայնումն ու խորացումը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու հետագայ քայլերու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման բերումով ստեղծուած հնարաւորութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան մթնոլորտի ամրապնդման, TRIPP նախագիծի եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի իրականացման:
Էմոմալի Ռահմոն ողջունած է Ուաշինկթընի հանդիպման բերումով խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ յայտնած է իր երկրին աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

