Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը։
ՀՀ կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ զրուցակիցները կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատմանը միտուած քայլերը։
Վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Էրտողան շեշտած են կառուցողական մօտեցումներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ փոխվստահությեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։
Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել երկխօսութիւնը։
Յիշեցնենք՝ հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ թրքական կողմը:

