Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանը Կրկին Արգելափակած Է Ատրպէյճանի՝ ՇՀԿ-ին Միանալու Դիմումը

Հնդկաստանը Կրկին Արգելափակած Է Ատրպէյճանի՝ ՇՀԿ-ին Միանալու Դիմումը

by MassisPost

Հնդկաստանը կրկին արգելափակած է Ատրպէյճանի՝ ՇՀԿ-ին միանալու դիմումը:

Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրներուն:

Կը նշուի, որ մինչ Չինաստանը կ’աջակցի Ատրպէյճանի ՇՀԿ-ին միանալուն, Հնդկաստանը կրկին արգելափակած է Պաքուին լիիրաւ անդամակցութիւն շնորհելու առաջարկը։

Ըստ աղբիւրներուն՝ այս քայլը կապուած է Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ սերտ կապերուն հետ: Հնդկաստանը, ինչպէս յայտնի է, բարեկամական չի համարեր Փաքիստանի հետ «եղբայրական» պետութիւնները:

Նշենք, որ Չինաստանը կ’աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անդամակցութեանը ՇՀԿ-ին՝ որպէս մշտական անդամներ։

«Այս երկիրները այժմ ունին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկխօսութեան գործընկերներու կարգավիճակ»,- նշած է Ծինփինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment