Երեւանի Ազնաւուրի հրապարակին վրզյ այսօր բացուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի արձանը: Միջոցառման կը մասնակցէին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Ազնաւուրի որդին՝ «Ազնաւուր» հիմնադրամի հիմնադիր եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրը:
Արձանի բացման արարողութեան ժամանակ Տիգրան Աւինեան տեղեկացուց, որ Ազնաւուրի արձանին բացումը նախաձեռնուած եւ ֆինանսաւորուած է Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ:
«Մենք կարեւոր համարեցինք, որ այս հրապարակում՝ Ազնաւուրի անունը կրող միջավայրում, լինի մի արձան, որը կը խորհրդանշի նրա մշտական ներկայութիւնը մեր քաղաքում»,- ըսաւ քաղաքապետը՝ ընդգծելով, որ այս վայրը պիտի դառնայ հանդիպման եւ յիշողութեան վայր երեւանցիներուն եւ Երեւանի հիւրերուն համար:
ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան նշեց՝ Ազնաւուրը իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ առանձնայատուկ հարազատ է, եւ հազուադէպ է, որ մարդիկ, անձամբ չճանչնալով մարդը, ունենան հարազատութեան այսպիսի զգացում մէկուն հանդէպ:
«Ֆիլմ, թատրոն, կերպարուեստ. բնական է, որ այս հրապարակն Ազնաւուրի անունով կոչելը եւ այստեղ Ազնաւուրի արձան ունենալը շատ ներդաշնակ եւ տրամաբանական է: Ինչպէս մշակոյթն է միաւորում մարդկանց, այնպէս էլ Ազնաւուրն իր ամբողջ գործունէութեամբ շարունակում է միաւորել մեզ»,- ըսաւ ան:
Նիքոլա Ազնաւուր յիշեցուց, որ անցեալ տարի 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրին մէջ Ֆրանսայի մէջ հիմնուած է Ազնաւուրի անուան պարտէզը Շանզ Էլիզէի սկզբնամասին: Այդ իսկ օրը Փարիզի քաղաքապետը պարտաւորուած է, որ այդ նոյն պարտէզին մէջ պիտի ըլլայ Ազնաւուրի յիշատակին համար արձան մը:
«Յուսանք՝ այս երկու վայրերը թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Փարիզի մէջ կը կարենան ամուր կամուրջ մը կազմել Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան այս հզօր կապով, որ հայրս երբեք չէ դադրած քարոզել, մարմնաւորել իր ամբողջ կեանքի ու գործունէութեան ընթացքին»,- ըսաւ ան:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին ըսաւ, որ Ազնաւուր կը սիրէր յիշեցնել, որ ինքը 100 տոկոսով հայ է, եւ 100 տոկոսով՝ ֆրանսացի. «Ազնաւուրը փարիզեցի տղայ էր, բայց ան միշտ կը յիշէր, որ նաեւ հայ է»:
Քանդակի հեղինակ Դաւիթ Մինասեան ըսաւ, որ խորհրդանշական է այն հանգամանքը, որ ձուլման աշխատանքները կատարուած են Կիւմրիի մէջ, ապա յաւելեց. «Շնորհակալ եմ Ազնաւուրին, որ թոյլ տուեց իր հետ 1,5 տարի ընկերութիւն անել»:


