Ամուլսարի ծրագրի շահագործումէն, Կառավարութեան հաշուարկներով, պետական պիւտճէ վճարուելիք տարեկան հարկերը եւ տուրքերը կը կազմեն 130 միլիոն տոլար։
Ծրագիրը նաեւ տարեկան շուրջ 1,5 տոկոս դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքին վրայ:
Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման մեկնարկի արարողութեան ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։
Նախարարին խօսքով՝ ծրագրին մէջ ներդրուած է աւելի քան 750 միլիոն տոլար, իսկ շահագործման փուլին կը նախատեսուի աւելի քան 210 հազար օնս ոսկիի արտադրութիւն։
«Մեր հաշուարկներով՝ հարկեր, տուրքեր ՝ միայն 130 միլիոն տոլար պետական պիւտճէ վճարում է լինելու։ Եւ գումարած՝ ի հարկէ, 12,5 տոկոս Կառավարութիւնը սեփականատէր է այս ծրագրի մէջ, այսինքն՝ մենք մասնաբաժին ունենք։ Սա նոյնպէս կարեւոր է»,- ըսած է Պապոյեանը։
Ան ծրագիրը բնութագրած է որպէս պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան կարեւոր օրինակ՝ ընդգծելով Հայաստանի մէջ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան արտադրութիւն կազմակերպելու հնարաւորութիւնը՝ պահպանելով նաեւ բնապահպանական պահանջները։
Պապոյեանի գնահատմամբ՝ Ամուլսարի նշանակութիւնը միայն ներդրումներով եւ հարկային մուտքերով չի կարեւորուիր եւ պատմութիւնը պարզապէս շատ մեծ ներդրումներու, շատ աշխատատեղերու, շատ հարկերու մասին չէ, այլ նաեւ հանքարդիւնաբերութեան չափանիշերու մասին պատմութիւն է:
Անոր խօսքով՝ ծրագրի շրջանակին մէջ ձեւաւորուած միջավայրը Հայաստան բերած է նոր ապրանքանիշեր, չափանիշեր եւ առեւտուրի վարման մշակոյթ՝ զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծելով նաեւ տնտեսութեան այլ ճիւղերուն համար։
«Ես կարծում եմ ու վստահ եմ, որ սրա արդիւնքում ոչ միայն հազարաւոր աշխատատեղեր են ստեղծուելու՝ ուղղակի եւ անուղղակի, այլ նաեւ ստեղծուելու է մի տնտեսական այնպիսի շարժիչ, որը իր հետեւից ընդհանրապէս այս տարածաշրջանի, յատկապէս Վայքի, Ջերմուկի, Սիսիանի համար նոր ճանապարհ է բացելու»,- ըսած է Պապոյեան։
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ծրագրի իրականացման մասնակցած անձերուն՝ ընդգծելով, որ անոր անցած ճանապարհը հեշտ չէ եղած։

