ՀՀ Քննչական Կոմիտէն յայտարարութիւն տարածեց Վահրամ Խորխոռունիի սպանութեան բացայայտման մասին։ Բացայայտուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահրամ Խորխոռունիի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցած էր 27 տարի առաջ։
Մասնաւորապէս՝ Ս.Ա.-ն հանդիսանալով զինուորական, նպատակադրուած է շահադիտական շարժառիթով կազմակերպել ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահրամ Խորխոռունիի սպանութիւնը:
1998 թուականի Դեկտեմբեր 9-ի երեկոյեան յանցաւոր խումբի անդամները, գործելով նախնական համաձայնութեամբ, հանդիպած են Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ Հ.Ն.-ի վարած ինքնաշարժով ուղեւորուած են Վահրամ Խորխոռունիի բնակութեան վայր, ուր դարանակալած են՝ սպասելով վերջինիս տուն գալուն։
Քննչական Կոմիտէի նախագահին յանձնարարութեամբ Քննչական Կոմիտէին մէջ ներկայիս ուսումնասիրութեան առարկայ կը հանդիսանան նաեւ նախապէս կատարուած հանրային հնչեղութիւն ստացած այլ սպանութեան դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարույթները»:
Medianews-ի տեղեկութիւններով որպէս կազմակերպիչ հանդիսացած Ս.Ա.-ն Սասուն Առուշանեանն է, ան ձերբակալուել է։ Կայքի աղբիւրներուն համաձայն՝ Սասուն Առուշանեանը եղած է Սամուէլ Բաբայեանի թիկնազօրի պետը։

