Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ստրկացնելու Դասական Ժանրէն Է». Զախարովան՝ Հայաստանի Ֆինանսաւորումը Աւելցնելու ԵՄ-ի Խոստումին Մասին

«Ստրկացնելու Դասական Ժանրէն Է». Զախարովան՝ Հայաստանի Ֆինանսաւորումը Աւելցնելու ԵՄ-ի Խոստումին Մասին

by MassisPost

Հայաստանի ֆինանսաւորումը աւելցնելու ԵՄ-ի  խոստումը  ստրկացման  դասական  ժանրէն  է, մինչդեռ Ռուսաստանը չի պատրաստուիր նայելու Երեւանի  գրպանը,  քանի  որ  «ատիկա անոնց  յարաբերութիւններն են եւրոպական հիմնարկներու հետ»։ Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին  յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

Աւելի վաղ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթայի եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայենի հետ ՀՀ  վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեանի  հանդիպումէն յետոյ ԵՄ-ն խոստացած է Global Gateway ռազմավարութեան շրջանակներուն մէջ  Հայաստանի մէջ  ներդրումներու  ծաւալը  հասցնել  2,5  միլիառ  եւրոյի  եւ  1,5  միլիոն  եւրո յատկացնել անկախ լրատուամիջոցներուն:

«Սա դասական ժանր է Եւրոպական Յանձնաժողովի, ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի համար՝ շռայլ խոստումներ տալ, ապա այդ ֆինանսական խոստումներուն տակ ստրկացնել գործընթացներով՝ հանելով փրփուրը եւ ստանալով օգուտներ»,- ըսած է Զախարովա։

Անոր խօսքով՝ ԵՄ-ն նոյն օգնութիւնը քանի մը անգամ կը հաշուէ, տարբեր մեքենայութիւններ կը նախաձեռնէ, կը խոստանայ բան մը, կու տայ երկու անգամ քիչ կամ ընդհանրապէս ոչինչ կը յատկացնէ։

Զախարովա նշած է, որ տնտեսական օգնութիւնը վաղուց դարձած է ԵՄ-ի համար լծակ՝ ազդելու երրորդ երկիրներու քաղաքականութեան վրայ եւ միջամտելու անոնց ներքին գործերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment