Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Օգնած Է Հակազդելու Օտարերկրեայ Միջամտութեան․ Քայա Քալաս

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Օգնած Է Հակազդելու Օտարերկրեայ Միջամտութեան․ Քայա Քալաս

by MassisPost

«Եւրըմիութիւնը Հայաստանին օգնած է հակազդելու յունիսեան ընտրութիւններուն ընդառաջ օտարերկրեայ միջամտութեան»։

Այս մասին յայտնած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս, Լիւքսեմպուրկի մէջ ԵՄ արտաքին գործերու նախարարների խորհուրդի նիստը ամփոփելով։

«Մենք ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի մեր վերապատրաստման ծրագրերը ընդլայնած ենք՝ ընդգրկելով 65 երկիր։ Արգելափակած ենք տասնեակ կայքեր եւ հարիւրաւոր գովազդներ, ինչպէս նաեւ յաջողութեամբ օգնած ենք Հայաստանին՝ դիմակայելու օտարերկրեայ միջամտութեան յունիսեան ընտրութիւններուն ընդառաջ»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment