Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մէկ Ազգ, Երկու Պետութիւն»-ը Թուրքիոյ Իրաւունք Չի Տար Միջամտելու Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն. «Ենի Ատրպէյճան»-ը՝ Էրտողանի Կուսակցութեան

«Մէկ Ազգ, Երկու Պետութիւն»-ը Թուրքիոյ Իրաւունք Չի Տար Միջամտելու Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն. «Ենի Ատրպէյճան»-ը՝ Էրտողանի Կուսակցութեան

by MassisPost

Պաքուի մէջ քանի մը տասնեակ մարդիկ ձերբակալուած են, իսկ դպրոցներէն մէկուն տնօրէնին ինքնաշարժը, ըստ տարածուած հաղորդումներուն, հրկիզուած է՝ հիճապի սահմանափակումներու դէմ խորացող բողոքի ալիքի լոյսին տակ։

Դժգոհութեան ալիքը սկսած է Սեպտեմբերին, երբ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նոր սահմանափակումներ մտցուց դպրոցական հագուստին վերաբերեալ։ Թէեւ ընդունուած կանոնակարգերով մահմետական գլխաշորի՝ հիճապի մասին ուղիղ չի
խօսուիր, կը  նշուի, որ դպրոցական հագուստը պէտք չէ հակասէ երկրի աշխարհիկութեան սկզբունքներուն։

Նոր պահանջներու կիրառումէն յետոյ շարք մը դպրոցներու մէջ հիճապ կրող աշակերտուհիներուն եւ ուսուցչուհիներուն թոյլ չեն տուած մասնակցիլ դասերուն, ինչն ալ բողոքի պատճառ դարձած է։

Ոստիկանութիւնը կը պնդէ, որ խումբ մը անձեր վնաս հասցուցած են կրթական հաստատություններուն, ինչպէս նաեւ փորձած են խոչընդոտել երթեւեկութիւնը։ Տեղեկութիւններ տարածուած են նաեւ դպրոցներէն մէկուն տնօրէնին ինքնաշարժի հրկիզման մասին։ Կառավարամէտ լրատուամիջոցները ինքնաշարժին հրկիզումը կապած են բողոքի ցոյցերուն հետ՝ առանց ապացոյցներ ներկայացնելու։

Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները բողոքի ալիք յառաջացուցած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Սեպտեմբեր 23-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ էրտողան ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին քննադատած էր մահմետական կիներու եւ
աղջիկներու գլխաշորի նկատմամբ սահմանափակումները՝ զանոնք ներկայացնելով որպէս կրօնական ազատութեան եւ կանանց իրաւունքներու խնդիր։ Թուրքիոյ նախագահը, սակայն, խուսափած էր Ատրպէյճանի անունը ուղղակիօրէն յիշատակելէ։

Ատրպէյճանի իշխող «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը հանդէս եկած է կոշտ յայտարարութեամբ՝ ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալի եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ) պատգամաւորներու արտայայտութիւններուն։ «Ենի Ատրպէյճան»-ը յայտնած է, որ թրքական լրատուամիջոցներով, այդ շարքին՝ իշխանութեան մերձ, պարբերաբար կը տարածեն կեղծ եւ զրպարտչական տեղեկատուութիւն Ատրպէյճանի մասին։ Յատկապէս վրդովմունք յառաջացուցած է այդ արշաւին թրքական իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն ներգրաւուածութիւնը։ Կուսակցութիւնը հերքած է Պաքուի հասցէին մեղադրանքները՝ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն պատճառով, եւ յիշեցուցած է Պաղեստինին իր հետեւողական աջակցութեան, մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Պաղեստինի  մայրաքաղաքով երկու պետութիւններու սկզբունքին իր յանձնառութեան մասին։

«Ենի Ատրպէյճան»-ը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը, ինչպէս եւ Թուրքիան, աշխարհիկ պետութիւն է, իսկ դպրոցական համազգեստին ու կրօնական հագուստին հարցերը կը վերաբերին անոր ներքին քաղաքականութեան։ «Ոչ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի իր կամքը թելադրելու այլ իսլամ ժողովուրդներուն, միջամտելու անոնց ներքին գործերուն կամ իրեն վեր դասելու միւսներէն։ Կուսակցութիւնը նաեւ դատապարտած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հասցէին ուղղուած վիրաւորանքները եւ յիշեցուցած, որ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքը կ’ենթադրէ երկու անկախ պետութիւններու գոյութիւն, այլ ոչ թէ մէկուն իրաւունքը՝ միջամտելու միւսին գործերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment