Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչպիսի՞ Տեսք Պէտք Է Ունենայ Խաղաղութիւնը․ Փաշինեան Մանրամասնիւթիւններ Յայտնած Է Խաղաղութեան Համաձայնագրէն

Ինչպիսի՞ Տեսք Պէտք Է Ունենայ Խաղաղութիւնը․ Փաշինեան Մանրամասնիւթիւններ Յայտնած Է Խաղաղութեան Համաձայնագրէն

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքի իր էջով տեսանիւթ հրապարակած է՝ ներկայացնելով, թէ ինչպիսի տեսք պէտք է ունենայ խաղաղութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն յետոյ։

«Հայաստանը պէտք է ունենայ 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, սահմանների սահմանազատումը եւ սահմանագծումը Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ պէտք է տեղի ունենան այս տրամաբանութեամբ: Հայաստանն ու Ատրպէյէճանը իրար նկատմամբ որեւէ պահանջ չեն ունենալու»,- ըսած է վարչապետը։

Փաշինեան խօսած է նաեւ ներգաւառներու մասին՝ ընդգծելով, որ այդ թեման պէտք է փոխադարձաբար փակուի խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն յետոյ:

«Ներգաւառ-արտագաւառների խնդիրը պէտք է լուծուի հետեւեալ բանաձեւով. սահմանի այս եւ այն կողմում ներգաւառներ եւ արտագաւառներ չպէտք է լինեն, այսինքն՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը համապատասխան ճշգրիտ չափերի տարածքների փոխանակում պէտք է իրականացնեն, բոլոր ճանապարհները եւ հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է բաց լինեն։ TRIPP նախագծի շրջանակում եւ ոչ միայն բոլոր հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է աշխատեն, բաց լինեն, այդ թւում՝ Հայաստանից Հայաստան Ատրպէյճանի տարածքով, Ատրպէյճանից Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքով աշխատելու եւ հաղորդակցութիւնն ապահովելու տրամաբանութեամբ»,- մանրամասնած է Փաշինեան:

Ան ընդգծած է՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրար որեւէ պահանջ պէտք չէ ներկայացնեն եւ հանգիստ պէտք է թողեն իրար բոլոր հարցերու մէջ:

«Ոչ մի պահանջ՝ ներառեալ Ղարաբաղ, Կարդման, Շիրվան, Նախիջեւան տրամաբանութեամբ կամ Արեւմտեան Ատրպէյճան տրամաբանութեամբ»,- ըսած է ան։

Վարչապետին խօսքով՝ յաջորդ եւ ամենակարեւոր հարցը՝ արդեօք կա՞յ իրական հնարաւորութիւն՝ խաղաղութեան այսպիսի տեսք տալու։

«Թուրքմենստանում Ատրպէյճանի նախագահի հետ ունեցած շփումների արդիւնքներով ունեմ նախնական տպաւորութիւն, որ մենք խաղաղութեանն նման տեսք տալու հնարաւորութիւն ունենք»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յառաջիկային զբաղուած պիտի ըլլան այդ հնարաւորութիւնը իրագործելով, այդ հնարաւորութիւնը իրականութիւն դարձնելով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment